Էմիրաթցի գործարար Խալաֆ Հապթուր յայտարարեց, որ մտադիր է «մեծ եւ յաւակնոտ ծրագիրի մը մէջ ներդրում կատարելու, անմիջապէս որ (Լիբանանի մէջ) նոր կառավարութիւնը կազմուի»:
«Այս ծրագիրը տնտեսական զարթօնքին նպաստելու եւ հազարաւոր գործի առիթներ ապահովելու պատկերացում կը պարունակէ` Լիբանանի տնտեսութեան աջակցելու եւ անոր նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելու իսկական յաւելում մը ըլլալու համար», բացատրեց Հապթուր:
«Զօր. Ժոզեֆ Աունի Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ ընտրուելէն եւ դատաւոր Նաուաֆ Սալամի կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը տրուելէն ետք կը վերանորոգուին մեր յոյսերը, թէ Լիբանան քայլ կ՛առնէ դէպի կայունութեան ու բարգաւաճման նոր ժամանակաշրջան` վերականգնելու համար իր ժողովուրդին վաղեմի պատմութեան վայել ապագայի նկատմամբ յոյսը: Իբրեւ Լիբանանը սիրող անձ մը կը հաւատամ, որ յոյսի իւրաքանչիւր նշանի մէջ կայ աշխատելու եւ կառուցելու կարելիութիւն», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով այն ծրագիրին, որուն մէջ մտադիր է ներդրում կատարել, Հապթուր ըսաւ. «Պէտք է յստակ ըլլանք. որեւէ ներդրում, ըլլայ այդ իմ կամ ուրիշին կողմէ, հիմնականին մէջ կախեալ պիտի ըլլայ այս կառավարութեան կազմութեան ճշդութենէն: Յառաջիկայ կառավարութեան մէջ չի կրնար ենթակայութեան կամ բաժնեկցութեան տեղ ըլլալ, կամ անոր մաս կազմեն անոնք, որոնք Լիբանանի աւերման, անոր տնտեսութեան քայքայման եւ պատերազմներու բռնկումին պատճառ դարձան»:
«Ներկայ փուլը հաւատարիմ ղեկավարներ կը պահանջէ, ատակ եւ մասնագէտ նախարարներէ բաղկացած խումբ մը, որ անկեղծօրէն կ՛աշխատի Լիբանանի շահը ամէն ինչէն վեր դասելու», աւելցուց ան:
«Ապահովութիւնն ու կայունութիւնը ամէն զարթօնքի հիմքն են, եւ այդ տարրերը պիտի չապահովուին առանց ուժեղ ու անկախ կառավարութեան մը, որ կարող է լիբանանցի, արաբ եւ միջազգային ներդրողներու վստահութեան վերատիրանալ», նշեց էմիրաթցի գործարարը:
«Կառավարութեան կազմութեան մէջ որեւէ զիջողականութիւն կամ ենթակայութեան ընդունում միայն տագնապի շարունակման պիտի յանգեցնէ եւ փակէ Լիբանանի ու անոր ժողովուրդին առջեւ ներդրումի եւ զարթօնքի դռները», ընդգծեց Հապթուր:
«Պահը վճռորոշ է եւ ոսկի առիթ մը Լիբանանը ներդրումներու համար քաշողական վայր դարձնելու եւ տնտեսական ու ընկերային զարգացման նոր էջ բանալու: Իր դիմագրաւած բոլոր հարցերէն ետք, Լիբանանը արժանի է, որ ապրի, եւ իր ժողովուրդը ոտքի կանգնի: Պատասխանատուութիւնը այսօր ղեկավարներուն ուսերուն վրայ է` որդեգրելու համար ճիշդ որոշումներ եւ կազմելու կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիներու ձգտումներուն վայել է: Լիբանանը ապրելու արժանի է, եւ բոլորին կոչ կ՛ուղղեմ` ամենայն անկեղծութեամբ աշխատելու` իրագործելու համար այս երազը եւ զայն վերածելու շօշափելի իրականութեան», նշեց էմիրաթցի գործարարը: