– ՔԱԹԱՐԵԱՆ «Շարք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քաթար, միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցաբար կ՛աշխատի հասնելու միջազգային համաձայնութեան մը, որ կ՛ամրապնդէ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը եւ կ՛երաշխաւորէ զինադադարի գործադրումը:
«Շարք» կ՛ընդգծէ, որ Տոհան կը զօրակցի լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն, երկրի գերիշխանութեան ու ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ շարք մը ոլորտներու մէջ անհրաժեշտ բարեկարգումներու կատարման ձգտող ջանքերուն:
– ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը կը բաղկանայ 7 էջերէ, եւ անոր վերնագիրները ընդհանուր են:
Բռնագրաւումին առնչուած կէտը հիմնուած է սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնութեան վրայ` նշելով պետութեան եւ լիբանանցիներուն բռնագրաւումին դիմադրելու իրաւունքը: Ծրագիրին բովանդակութիւնը գրուած է նախագահի երդման ճառին համահունչ, ըլլայ այդ պաշտպանական ռազմավարութեան, օրինական զէնքի եւ փրկութեան ու բարեկարգման երթին վերաբերեալ:
– ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նաուաֆ Սալամ կապ հաստատեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի, Քաթարի վարչապետ Մոհամետ պըն Ապտելռահման պըն Ժասեմ Ալ Թանիի, Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի, Յորդանանի վարչապետ Ժաաֆար Հասսանի, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ իշխանին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արաբական պետութիւնները ներկայացնող Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Աթթաֆի հետ` իսրայէլեան հեռացումը առանց որեւէ ուշացումի իր ճշդուած ժամկէտին ամբողջացնելու կոչ ուղղող լիբանանեան դիրքորոշման աջակցութեան ապահովման համար:
– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ պաշտօնատար մը «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանակը Լիբանանի մէջ 5 կէտերու մէջ պիտի մնայ»:
– ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոսը` ներկայութեամբ Պահիա Հարիրիի եւ խորհրդականներ Ղաթթաս Խուրիի եւ Հանի Համուտի, եւ անոր հետ քննարկեց զարգացումները:
Մըրքոս նշեց, որ իր այս այցելութիւնը քաղաքական ու հոգեւոր հեղինակութիւններու իր այցելութիւններու ծիրին մէջ է:
– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Հատաս»-ին. «Լիբանանին ամերիկեան բոլոր օժանդակութիւնները վերատեսութեան ենթարկուելու նպատակով դադրեցուեցան»:


