Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանէն Առաջին Պատկերասփռուած Զրոյցի Ընթացքին. Սալամ. «Վերաշինութեան Յանձնառու Ենք, Եւ Պահ Դրուած Գումարներու Ջնջում Չկայ»

Փետրուար 13, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանէն «Թելէ Լիպան» պետական պատկերասփիւռի կայանին միջոցով իր պատկերասփռուած առաջին զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կ՛ուզենք վերատիրանալ վստահութեանը քաղաքացիներուն, որոնք մեծապէս տառապեցան ելեւմտական ու տնտեսական ճգնաժամերէն, որոնք աւելի քան վեց տարիէ ի վեր գոյութիւն ունին, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն եւ Լիբանանի վրայ վերջին պատերազմէն»:

Սալամ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Միջազգային աշխատանքի հարթակի կեդրոնական վիճակագրութիւնը կը նշէ, որ լիբանանցի երիտասարդներուն 69 առ հարիւրը կ՛ուզէ ճամբորդել: Կ՛ուզենք այս իրողութիւնը շրջել»:

«Երիտասարդները պէտք է զգան, որ աշխատանքի առիթ եւ յոյս ունին, եւ պէտք է փոխենք այս ցուցանիշերը», շեշտեց ան:

Ան նշեց, որ Լիբանան կորսնցուց բազմաթիւ առիթներ, ինչպէս 2000 թուականի իսրայէլեան յարձակումէն եւ 2005 թուականին Սուրիոյ Լիբանանէն հեռացումէն ետք: «Բա՛ւ է առիթներ կորսնցնենք», ըսաւ վարչապետը` նշելով, որ Թաէֆի համաձայնութեան գործադրութիւնը կամայական էր:

Ո՛չ Վէճերուն

Սալամ յայտնեց. «Իշխանութիւններու անջատման սկզբունքը ամրապնդելու համար առաջին արժեչափը, որ որդեգրեցի, որեւէ երեսփոխան նախարար չնշանակելն էր, ինչպէս նաեւ պայման դրի, որ նախարարներէն ոչ մէկը քաղաքապետական կամ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածու ներկայանայ` կառավարութեան անկողմնակալութեան եւ պարկեշտութեան ապահովման համար»:

«Գիտեմ, թէ կուսակցութիւնները որեւէ ժողովրդավարական առողջ կեանքի հիմը կը կազմեն, սակայն ներկայ փուլին կը վախնայի, որ կառավարութիւնը քաղաքական վէճերու հարթակ դառնայ, երբ մեծ պարտականութիւն ունի կատարելիք», աւելցուց վարչապետը:

Ան նշեց, որ որդեգրած է հանրային խնդիրներու եւ քաղաքականութեան մէջ աշխատող կարող անձեր, «որեւէ անձ, որ այս ոլորտին մէջ փորձառութիւն ունի: Իսկ անոնք, որոնք ընդհանուր քաղաքականութիւններու մէջ փորձառու չեն, պէտք էր իրենց ոլորտներուն մէջ յաջողութիւններու տէր ըլլային»:

«Պէտք էր (խորհրդարանին) վստահութիւնը ապահովէի, ուստի նախարարները պէտք էր երեսփոխանական պլոքներուն կողմէ ընդունելի ըլլային, առանց որ կուսակցականներ ըլլան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կարգ մը պլոքներ փորձեցին իրենց արժեչափերը ինծի պարտադրէր, ինչպէս անոնց ներկայացման չափը եւ նախարարներու թիւը»:

Համայնքի Մը Մենաշնորհ Նախարարութիւն Չկայ

Սալամ ընդգծեց. «Համայնքի մը մենաշնորհ նախարարութիւն չկայ, եւ համայնքի մը արգիլուած նախարարութիւն չկայ»` նշելով, որ չորս նախարարութիւններու որակումը, թէ սահմանափակուած են չորս մեծագոյն համայնքներով, նոր սովորութիւն մըն է, որ երկրի պատմութեան համահունչ չէ:

«Հարաւային Լիբանանի զաւակները, պատերազմէն ետք, իրենք զիրենք վիրաւոր նկատեցին, եւ պէտք է նկատի ունենալ այդ վէրքերը եւ զանոնք դարմանել: Եթէ ելեւմուտքի նախարարը փոխուէր, ատիկա շիի համայնքին վրայ քաղաքական յարձակում պիտի նկատուէր», ըսաւ վարչապետը` շեշտելով, թէ անհրաժեշտ է, որ որեւէ խումբ ինքզինք պարտուած չզգայ, սակայն միեւնոյն ժամանակ, «Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ ելեւմուտքի նախարարութիւնը շիիներուն մենաշնորհը չէ, եւ չկայ որեւէ անգիր օրէնք, որ զայն կ՛ամրագրէ»:

Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Բանաձեւման Յանձնախումբ

Սալամ ըսաւ. «Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի բանաձեւման յանձնախումբը այսօր կէսօրէ ետք ժողով գումարեց, եւ ծրագիրը պիտի համապատասխանէ երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, եւ առաջին մարտահրաւէրը, որ կը դիմագրաւենք, իսրայէլեան բռնագրաւումի շարունակումն ու վերաշինութիւնն է: Պէտք է ամրագրել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնը, զինադադարի փոխըմբռնումներու ամբողջական գործադրութիւնը եւ վերաշինութեան յանձնառութիւնը: Երկրորդ մարտահրաւէրներէն են ելեւմտական ու տնտեսական բարեկարգումը եւ քաղաքական բարեկարգումը, որոնք զուգահեռ են: Մեկնելով ասկէ` ուզեցի կառավարութիւնը կոչել «Բարեկարգման ու փրկութեան» կառավարութիւն»:

«Կ՛ուզենք, որ իսրայէլեան հեռացումը 16 փետրուարին ըլլայ, եւ ոչ թէ` 18 փետրուարին: Մենք պիտի շարունակենք զօրակոչի ենթարկել դիւանագիտական ու քաղաքական ուժերը` հեռացումը ճշդուած ժամանակէն առաջ ապահովելու համար: Դիւանագիտական ամբողջ ներուժը զօրաշարժի պիտի ենթարկենք Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու համար, եւ մենք մեր դերը լիարժէք կերպով կը կատարենք` բանակը ուղարկելով եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան նկատմամբ լրջութեամբ վերաբերելով, եւ գոյութիւն ունի հսկողութեան մեքանիզմ մը, որ իր դերը կը կատարէ, եւ մենք մեր յանձնառութիւններուն կատարման մէջ չենք թերանար: Մենք Կ՛ուզենք հարաւէն իսրայէլեան հեռացումը յառաջաձգել», ըսաւ վարչապետը:

«Մարդիկ լաւատես դարձան, եւ տեսան, թէ նախագահ Ժոզեֆ Աունի ընտրութեամբ, անոր երդման ճառով եւ կառավարութեան կազմութեամբ նոր էջ մը բացուեցաւ: Սակայն այս կառավարութիւնը 1 տարի 1 ամսուան համար է, եւ այդ կարճ ժամանակամիջոցը չի փարատեր անվստահութեան զգացումը: Մարդիկ պէտք է մեզի նկատմամբ համբերութիւն ցուցաբերեն, ապա մեր գործին վրայ հիմնուելով մեզ հաշուետուութեան ենթարկեն: Ես վստահ եմ, որ պիտի գործադրենք: Մեզ հետաքրքրողը այն է, որ մարդոց ու երիտասարդներու ձգտումներուն բարձրութեան վրայ ըլլանք», յայտնեց Սալամ:

Վերաշինութեան Յանձնառու Ենք

Վարչապետը նշեց. «Ինչ կը վերաբերի Լիթանի գետի հիւսիսի եւ հարաւի մէջ, եւ Լիբանանի ամբողջ տարածքին վրայ զէնքի հարցին, եւ այն, ինչ որ այդ առնչութեամբ պէտք է կատարուի, նշուած է Ազգային համաձայնութեան ուխտին մէջ, որ կը խօսի լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնը իր սեփական ուժերով իր ամբողջ հողերուն վրայ տարածման մասին, եւ ասիկա թիւ 1701 որոշումէն եւ վերջին զինադադարի որոշումէն ու որեւէ այլ բանէ առաջ է: Ինչ կը վերաբերի Լիթանի գետէն հարաւ տարածուող շրջանին, ապա անիկա ապազինեալ գօտի է: Նախկին տարիներուն խորամանկութիւն ըրինք, եւ ատոր համար սուղ գին վճարեցինք, մանաւանդ հարաւային Լիբանանի մեր ժողովուրդը, որուն գիւղերը քանդուեցան: Մենք նաեւ յանձնառու ենք քանդուածը վերաշինելու»:

Պահ Դրուած Գումարները Պիտի Չջնջուին

«Ինչ կը վերաբերի տնտեսական բարեկարգումներուն, այն, ինչ որ կ՛ուզենք ջնջել, պահ դրուած գումարները ջնջելու մասին խօսքն է, եւ կ՛ուզենք այդ գաղափարը ջնջել», ըսաւ Սալամ` նշելով, որ կառավարութեան աշխատանքի ծրագիրին մէջ այդ հարցը պիտի ներառուի:

«Պետութիւնը այնքան հզօր կ՛ըլլայ, որքան քաղաքացիներուն վստահութեան կը վերատիրանայ: Առանց դրամատնային մարզի վերառողջացման` ներդրումներ պիտի չըլլան: Ուստի պահ դրուած գումարներ պիտի չըլլան, եւ մեկնելէ ատկէ` անհրաժեշտ է դրամատուները վերադասաւորման ենթարկել եւ անոնց նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնել, որովհետեւ անոնք երկրին մէջ տնտեսական աճի հիմնական կռուան են: Այդ եւ անոր կողքին արդարադատութեան անկախութեան վրայ լրջութեամբ պէտք է աշխատիլ», յայտնեց վարչապետը:

«Անհրաժեշտ է շարունակել Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ նշուած բարեկարգումները, եւ վարչական ընդլայնուած ապակեդրոնացեալ դրութեան գործադրութեան ուշացումը յանգեցուց ոմանց դէպի համադաշնակցային դրութիւն շեղման: Դժբախտաբար, Քաղաքական համայնքայնութեան ջնջման ազգային մարմինի ստեղծման նկատմամբ սարսափեցման հոլովոյթ գոյութիւն ունի», ըսաւ ան` շեշտելով սահմանադրութիւնն ու անոր մեկնաբանութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ «զայն քաղաքական վէճերէն ու մեծամասնութիւն-փոքրամասնութիւն հասկացողութենէն հեռու պահելը»:

Գրաւը Իրար Վրայ Դնել

«Դժբախտաբար անցնող 50 կամ 60 տարիներուն արտաքին կողմերու վրայ շարք մը գրաւներ փորձեցինք, եւ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխելու նպատակով արտաքին ուժերու վրայ յենում տեղի ունեցաւ: Կը կարծեմ, որ արտաքին ուժերու վրայ բաւարարաչափ գրաւ դրինք: Ժամանակն է, որ իրարու վրայ, սահմանադրութեան, Թաէֆի համաձայնութեան եւ պետութեան կառուցման վրայ գրաւը դնենք, ապա կը վերականգնենք արաբական աշխարհին հետ մեր յարաբերութիւնները, որոնք անցնող տարիներուն շատ վատթարացան, սակայն վերականգնեցաւ արաբական աշխարհի ղեկավարներու բարեկարգում կատարելու անհրաժեշտութիւնը շեշտելուն միջոցով, եւ արաբական օժանդակութեան հիմնադրամները պատրաստ են օգնելու: Պէտք է նաեւ ամրապնդենք իր շրջապատին հետ Լիբանանի հաշտութիւնը, որովհետեւ առանց իր արաբական շրջապատին ապագայ չունի, ինչպէս նաեւ պէտք է աշխարհի վստահութեան վերատիրանայ», ըսաւ Սալամ:

Պաղեստինեան Հարց

Պատասխանելով Պաղեստինեան պետութեան վերջ տալու ամերիկեան վարչակազմին աջակցութիւնը վայելող իսրայէլեան ծրագիրին նկատմամբ Լիբանանի դիրքորոշման մասին հարցումի մը` վարչապետը ըսաւ. «Կը դատապարտեմ այդ խօսքը, եւ Կազայի բնակիչները Եգիպտոս եւ Յորդանան փոխադրելու մասին մտածելը ոչ միայն երեւակայական հարց է, այլ նաեւ զանոնք Այսրյորդանան տեղափոխելը դատապարտելի ու անընդունելի է: Ո՛չ բարոյապէս, ո՛չ քաղաքական եւ ո՛չ ալ իրաւական գետնի վրայ… Ինչպէ՞ս կարելի է Պաղեստինի պետութիւնը Սէուտական Արաբիոյ մէջ ստեղծել: Այս ծրագիրը կը դիմակայենք արաբական յաւելեալ միասնականութեամբ, որ կ՛ապահովէ այդպիսի ծրագիրները դադրեցնելն ու անոնց գործադրումը արգիլելը: Արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը Պէյրութէն յայտարարուեցաւ եւ հիմնուած է երկու պետութիւններու լուծումին վրայ, ատկէ բացի եւ պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքէն բացի լուծում չկայ»:

Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւններ

Սալամ յայտնեց. «Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ կան շարք մը խնդիրներ, առաջինը երկու երկիրներուն միջեւ սահմանագծումն է, երկրորդը` Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու հարցը: Սուրիոյ մէջ վարչակարգի փոփոխութենէն ետք անոնց իրենց երկիր վերադառնալու որոշ կարելիութիւն կայ, եւ պէտք է միջազգային ընտանիքին հետ գործակցաբար այդ վերադարձի ծրագիրը մշակենք` մեկնելով Սուրիոյ նոր կացութենէն, որ այդ մէկը կատարել կ՛արտօնէ, ինչ որ լիբանանեան եւ սուրիական կառավարութիւններուն միջեւ աշխատանք կը պահանջէ: Մօտ օրէն Սուրիա պիտի այցելեմ` լուծելու համար բոլոր այդ թղթածրարները: Սուրիական նոր իշխանութիւններուն մօտ այս ծիրին մէջ դրական ընկալման պատրաստակամութիւն գոյութիւն ունի»:

Վերաշինութեան Ֆինանսաւորում

Վարչապետը անդրադառնալով վերաշինութեան հարցին յայտարարեց. «Ատիկա խոստում եւ յանձնառութիւն է: Անիկա յանձնառութիւն է հարաւային Լիբանանի մէջ մեր ժողովուրդին նկատմամբ, եւ կը ջանանք զայն իրագործել, ինչ որ արաբական ու միջազգային աջակցութիւն կը պահանջէ: Առաջին փուլին պէտք է Իսրայէլը հարաւէն հեռացնենք, եւ այդտեղ կայունութեան պայմաններու ապահովումը կը պահանջէ ամբողջացնել թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը եւ դադրեցնել թշնամական արարքները: Ատկէ ետք անմիջապէս մուտք կը գործենք վերակառուցման նիւթին մէջ, որ յանձնառութիւն է, եւ այդ ատեն կրնանք մեր արաբ եղբայրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն դիմել` վերաշինութեան անհրաժեշտ գումարներու ապահովման համար»:

«Միջազգային դրամատան գնահատականը կարճ ժամանակ առաջ այն էր, որ վերաշինութեան ծախսը 8-9 միլիառ տոլարի միջեւ է, իսկ այսօր դժբախտաբար այդ ծախսը բարձրացաւ 10-11 միլիառ տոլարի», նշեց ան:

Ընտրական Նոր Օրէ՞նք

Անդրադառնալով ընտրական նոր օրէնքի մշակման կարելիութեան` Սալամ ըսաւ. «Անձնապէս ներկայ Ընտրական օրէնքը զիս չի գոհացներ: Անիկա կ՛աղաւաղէ ընտրական օրէնքի բարեկարգման ազգային մարմինին մէջ մեր կատարած ամբողջ աշխատանքը, եւ օրին ես այդ կառոյցի քարտուղարն էի»:

«Մենք մեզ կ՛ամրապնդենք մարդոց վստահութեան ճամբով, որուն պիտի վերատիրանանք, եւ երիտասարդներու վստահութեան ճամբով, որովհետեւ այս երկիրը անոնցն է: Նախագահի երդման ճառը պիտի նպաստէ զայն կառուցելուն: Ասիկա մէկ օրուան մէջ չի կրնար տեղի ունենալ, եւ երիտասարդները այս աշխատանքին մէկ մասն են», շեշտեց վարչապետը:

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Լիբանան Կը Հերքէ Իսրայէլի Հարաւային Լիբանանէն Հեռացման Ժամկէտի Երկարաձգման Շուրջ Համաձայնութեան «Հատաս»-ի Լուրը

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?