Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Իսրայէլի Հեռացումը Մինչեւ 18 Փետրուար Ամբողջացնելու Համար Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներուն Կողմէ Ճնշումի Կոչ Կ՛ուղղէ

February 13, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Փորթուգալի արտաքին գործոց նախարար Փաոլօ Ռանճիլի հետ եւ անոր կոչ ուղղեց, որ «Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւնները ճնշում բանեցնեն, որպէսզի Իսրայէլի հեռացումը մինչեւ ճշդուած ժամկէտ` 18 փետրուար ամբողջանայ»:

«Լիբանան կը զօրակցի Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան եւ կը մերժէ այն առաջարկները, որոնք կը յանգեցնեն պաղեստինցիներուն իրենց հողերէն տեղահանման որեւէ տարբերակի կամ կ՛ոտնահարեն անոնց օրինական իրաւունքը, որ ամրագրուած է ՄԱԿ-ի որոշումներով», նշեց նախագահ Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը երէկ նաեւ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրիի, ՆԵժիպ Միքաթիի, Ֆուատ Սինիորայի, Թամմամ Սալամի եւ Հասսան Տիապի հետ:

Միքաթի Պաապտայի պալատէն հեռանալու ընթացքին յայտարարեց. «Մենք ամբողջական կերպով կը զօրակցինք կառավարութեան, որովհետեւ ատիկա ի շահ Լիբանանի եւ իւրաքանչիւր լիբանանցի քաղաքացիի է, եւ կը մաղթենք, որ յառաջիկայ օրերը աւելի կայուն ու բարգաւաճ ըլլան»:

Նախկին վարչապետ Սինիորա նախագահ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ու կառավարութեան կազմութենէն ետք յոյսը մեծ է, եւ կառավարութեան յաջողութիւն կը մաղթեմ»` աւելցնելով. «Ոչինչ անկարելի է, եթէ կամքը, ղեկավարութիւնն ու քաջութիւնը ապահովուած են»:

Նախկին վարչապետ Հարիրի Պաապտայի պալատէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

 

 

Նախորդը

Լիբանան Կը Հերքէ Իսրայէլի Հարաւային Լիբանանէն Հեռացման Ժամկէտի Երկարաձգման Շուրջ Համաձայնութեան «Հատաս»-ի Լուրը

Յաջորդը

Ակնարկ. Մինչեւ Շաբաթ Ժամը 12:00

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.