Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Առաջին Նիստը

Փետրուար 12, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի նոր կառավարութիւնը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր առաջին նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի:

Նախքան այդ, տեղի ունեցաւ նախագահ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ եռակողմ ժողով մը, ապա նոր կառավարութիւնը առնուեցաւ իր յիշատակի պաշտօնական լուսանկարը:

Նախարարաց խորհուրդի առաջին նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ներկայացուց կառավարութեան որդեգրած որոշումները` նշելով. «Նախագահը բացումը կատարեց նախարարաց խորհուրդի նիստին` մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով յիշատակը անոնց, որոնք ինկան Լիբանանի վրայ իսրայէլեան վերջին յարձակումի ընթացքին»:

«Իբրեւ նախարարներ եկած ենք մարդոց ծառայելու, եւ Լիբանանը պէտք է ոտքի կանգնի բարեկարգումներու ճամբով, առանց խոչընդոտման, եւ շատ կը քննարկենք այն գաղափարները, որոնք կ՛առաջարկուին, սակայն լուծումներ կ՛որդեգրենք: Աշխատանք պիտի տանինք նախարարութիւնները բարեկարգելու եւ զարգացնելու, եւ երբ բարեկարգումները կատարուին, միջազգային աջակցութիւնը ապահովելու առիթները շատ են», շեշտեց Մըրքոս:

«Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ պէտք է բարեկամ ու եղբայրական պետութիւններուն որեւէ քննադատութիւն չուղղել, եւ նախարարներէն խնդրեց, որ ժողովուրդը զիրենք ձեռքբերումներու համար շնորհաւորէ», նշեց տեղեկատուութեան նախարարը:

«Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ըսաւ, որ քաղաքական քաշքշուքներուն ժամանակը չէ, եւ նախարարներէն խնդրեց իրենց աշխատանքին մէջ ամբողջապէս թափանցիկ ըլլալ եւ բացառապէս կեդրոնանան իրենց նախարարական աշխատանքին վրայ», ըսաւ Մըրքոս:

Կառավարութեան նիստի ընթացքին կազմուեցաւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի բանաձեւման յանձնախումբը, որ կը բաղկանայ հինգ նախարարներէ` ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերէն, փոխվարչապետ Թարեք Մըթրիէն, մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէէն, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ֆայեզ Ռասամնիէն եւ ճարտարարուեստի նախարար Ճօ Իսա Խուրիէն` նախագահութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի:

Վարչապետ Սալամ նշեց. «Այսօր կառավարութեան առաջին նիստին ընդգծեցի հասարակաց ու սեփական աշխատանքի ամբողջական անջատման կարեւորութիւնը, եւ որեւէ սխալ հասկացողութիւն կանխարգիլելու համար նախարարներէն խնդրեցի ամբողջովին կեդրոնանալ իրենց նախարարական աշխատանքին վրայ եւ հրաժարիլ առեւտրական ընկերութիւններու կամ դրամատուներու որեւէ վարչական խորհուրդի նախագահութենէն կամ անդամակցութենէն»:

«Յստակ դարձուցի, թէ ատիկա անշուշտ չի ներառեր կրթական կամ ընկերային հաստատութիւնները, որոնք աշխատանք կը տանին ի շահ ամբողջ հասարակութեան», նշեց Սալամ:

 

Նախորդը

Մըթրի. «Մարդոց Սպասումները Բարձր Են, Սակայն Կը Կարծեմ Կարելի Է Քաղաքացիին Վստահութիւնը Շահիլ»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (12 Փետրուար 2025)

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?