– ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պաշտօնատար մը «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթին յայտնած է, որ Ուաշինկթըն Իսրայէլէն պահանջած է յարգել 18 փետրուարին Լիբանանէն հեռանալու վերջնական ժամկէտը:
Ամերիկացի պաշտօնատարը նշած է, որ Ուաշինկթընի դիրքորոշումը հնչած է, երբ Իսրայէլ խնդրած է Լիբանանէն իր ուժերու հեռացման ժամկէտը երկարաձգել:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ 5-7 կէտերէ պիտի չհեռանայ` երաշխաւորելու համար հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչներուն անվտանգութիւնը»:
– ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ, որ ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս Պէյրութ վերադառնայ: «Ժումհուրիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ նախարարական աղբիւրներու համաձայն, այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթավերջէն առաջ, եւ մինչ անոր առաջին այցելութիւնը կառավարութեան կազմութեան երաշխաւորման համար էր, երկրորդ այցելութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ 18 փետրուարին Իսրայէլի հարաւային Լիբանանէն հեռացման երաշխաւորումը:
– «ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, իսրայէլեան բանակը զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին փոխանցած է, թէ կ՛ուզէ հարաւային Լիբանանի մէջ կարգ մը կէտերու վրայ մինչեւ 28 փետրուար մնալ, իսկ լիբանանեան կողմը կտրուկ կերպով մերժած է այդ խնդրանքը»:
– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին. «Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի պատրաստութիւնը երկար պիտի չտեւէ, կառավարութեան կազմութեան թափով պիտի ընթանայ եւ արտացոլացումը պիտի ըլլայ այն նոր փուլին, ուր Լիբանանը մուտք գործեց իշխանութեան վերաձեւաւորումէն ետք»:
– ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Եասին Ժապեր յայտնեց, որ այն հիմնական սկզբունքը, որուն վրայ ներկայ կառավարութիւնը պէտք է հիմնուի, «պահ դրուած գումարներուն վրայէն գիծ քաշելուն բացառուած ըլլալու սկզբունքն է»:
Ան կոչ ուղղեց պահեստի գումար ունեցողներուն համար լուծումի մը շուրջ համաձայնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ դուրս գալ դրամատնային անել կացութենէն:
– ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը` ներկայութեամբ Հարիրի հիմնարկի նախագահ Պահիա Հարիրիի եւ խորհրդականներ Ղաթթաս Խուրիի եւ Հանի Համմուտի: Հարիրի դեսպանին հետ քննարկեց տեղական ու շրջանային վերջին զարգացումները:


