Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 20, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն յանձնառու է թշնամական գործողութիւններու դադրեցման գործադրութեան աջակցելուն եւ օգնելու լիբանանեան զինեալ ուժերուն, նկատի ունենալով, որ անոնք Լիբանանի ապահովական միակ երաշխաւորն են:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան կողմը պաշտօնապէս Լիբանանի փոխանցած է, թէ իսրայէլեան վերջին յարձակումին ընթացքին քանդուած կառոյցներու կամ շրջաններու վերաշինութեան համար որեւէ օժանդակութենէ եւ փոխատուութենէ առաջ լիբանանեան կառավարութիւնը անկախ վարչութեամբ պետական սնտուկի ստեղծումը պէտք է յայտարարէ, եւ պէտք է գոյութիւն ունենայ այդ սնտուկին կամ այդտեղ դրուելիք գումարներուն Հըզպալլայի հասանելիութիւնը արգիլող աշխատանքային մեքանիզմ մը:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, նախագահ Ժոզեֆ Աուն կը նախընտրէ վերաշինութեան անկախ սնտուկ ստեղծել, եւ Լիբանան սկսած է Միջազգային դրամատան հետ բանակցիլ շուրջ 470 միլիոն տոլարի հասնող վարկերու շուրջ:

– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթը կը հաղորդէ. «Եռակողմ ժողովի ընթացքին նախագահ Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ համաձայնութիւն տիրեց, եւ Պըրրի շեշտեց, թէ համոզուած է, որ ներկայ փուլին լուծումը դիւանագիտական պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ զինուորական, մանաւանդ որ ինք բանակցեցաւ զինադադարի հաստատման համար»:

– «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը հաղորդեց. «Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական աշխատանքներու տնօրէնութիւն մը այցելեց Պէյրութ` ստուգելու համար Քլէյաաթի օդակայանի կացութիւնը եւ անոր շահագործման թեքնիք ու ֆինանսական կարիքները»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ ԱՖՓ-ին յայտնած են, թէ Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կիրակի օր նախատեսուած յուղարկաւորութենէն առաջ Պաղտատի եւ Պէյրութի միջեւ թռիչքները աւելցած են:

– ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երեքշաբթի երեկոյեան մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

 

Նախորդը

Լաւրով. «3+3» Հարթակը Բոլոր Մասնակիցներու Շահերէն Կը Բխի. Անիկա Պայտընի Վարչակազմին Մէջ Նախանձ Յառաջացուցած Էր»

Յաջորդը

Ըստ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի. Ամերիկեան Ճարտարագիտական Ընկերութիւններ Իսրայէլին Օգնած Են Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ «Աւելի Մեծաթիւ Կասկածելիներու Սպանութեան Մէջ»

RelatedPosts

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ  Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»
Լիբանանեան

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»

November 28, 2026
Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ,  Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»
Լիբանանեան

Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ, Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»

November 28, 2026
Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական  Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։