– ԻՐԱՆԻ պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարած է. «Կառավարութեան, խորհրդարանի եւ բոլոր ծառայութիւններու մակարդակով բազմամարդ պատուիրակութեամբ պիտի մասնակցինք (Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար) սէյիտ Հասան Նասրալլայի յուղարկաւորութեան»:
– «ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ. հաղորդեց, որ կիրակի օր Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յուղարկաւորութեան ընթացքին Պէյրութի օդակայանի թռիչքները կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ 4:00 չեղեալ նկատուած են:
– ՌՈՒՍԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Հետաքրքրուած ենք Լիբանանի մէջ կայունութիւնը չքայքայելու հարցով եւ երկրին մէջ քաղաքական միասնականութեան պահպանումով»:
«Լիբանանի մէջ քաղաքական ուժերուն կոչ կ՛ուղղենք` տարակարծութիւնները լուծելու իրաւական ձեւերով եւ բոլորին ի շահ կարգաւորումներով», նշեց նախարարութիւնը:
– ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա ազատագրուած Եարունէն յայտարարեց. «Ազատագրումի իւրաքանչիւր օր հպարտութեան եւ արժանապատուութեան օր է, իսկ մեր կառավարութեան ուսերուն շատ պատասխանատուութիւն կայ»:
– ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպումէ ետք յայտարարեց. «Հողի որեւէ բռնագրաւում անխուսափելիօրէն պիտի դիմակայուի այդ հողերու ազատագրման համար դիմադրութեամբ, եւ ատիկա հիմնականին մէջ կը վերաբերի լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդին»: