Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Տնտեսական, ընկերային ու կենսոլորտային խորհուրդի պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին շեշտեց. «Լիբանանը մէկ բաղադրիչ մասի վրայ չի կանգնիր, եւ պէտք է բոլոր ջանքերը միախմբել պետութեան եւ ժողովուրդին, Լիբանանի եւ արտաքին աշխարհի միջեւ վստահութիւնը վերականգնելու համար»:
«Ձեր խորհրդատուական դերակատարութիւնը կառավարութեան օգնութեան մէջ հիմնական է, ուստի մի՛ տատամսիք անհրաժեշտութեան պարագային ընթացքը սրբագրելու` իրագործելու համար հասարակական շահը եւ ոչ թէ անձնական շահը», նշեց Աուն:
Նախագահը նաեւ յայտնեց. «Լիբանանցին արտասահմանի մէջ կը ստեղծագործէ, ուստի ինչո՞ւ նոյնը չընէ իր հայրենիքին մէջ, ուր տարակարծութիւնը սրբազան է, իսկ վէճը` վնասակար»:
«Հաղորդակցութիւնները տարբեր մակարդակներու վրայ կը շարունակենք` Իսրայէլը մղելու յարգելու համաձայնութիւնը, ճշդուած ժամկէտին հեռանալու եւ գերիները վերադարձնելու: Համաձայնութեան հովանաւորները պէտք է մեզի օգնելու իրենց պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնին», ըսաւ Աուն:


