«Ժումհուրիա» օրաթերթը հաղորդեց. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը զգայ ներկայ փուլին զգայնութիւնն ու նրբութիւնը եւ կը յայտնէ, ըստ իրեն այցելողներուն, թէ իրանեան օդանաւին վերաբերեալ յառաջացած տագնապը պէտք է լուծուի պատասխանատուութեամբ ու իմաստութեամբ` հեռու մնալով տեղեկատուութենէն ու աղմուկէն»:
«Փոխադարձ սխալները կրնան երկիրը առաջնորդել լարուածութիւններու, որոնց կարիքը չունինք», զգուշացուցած է Պըրրի:
Ըստ անոր այցելուներուն, խորհրդարանի նախագահը ըսած է. «Այս խնդիրը պէտք է լուծուի Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ միջպետական երկխօսութեան ճամբով»: Ան նաեւ շեշտած է. «Բացարձակապէս անթոյլատրելի է, որ իսրայէլացի թշնամին մեր տեղ եւ մեզի համար որոշէ, ինչպէս կը փորձէ կատարել իրանեան օդանաւերու Պէյրութի միջազգային օդակայան էջքը արգիլելու հարցին մէջ»:
«Եթէ թշնամին այսպէս շարունակէ, ապա ի՞նչ երաշխիք կայ, որ ան հետագային չպնդէ, օրինակ, թէ Ափրիկէի մէջ գտնուող արտերկրի լիբանանցիներու կողմէ կան դէպի Լիբանան դրամական փոխանցումներ, որոնք Հըզպալլային ուղղուած են, եւ այդ ատեն կրնայ սպառնալ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը թիրախաւորել, ինչպէս հիմա օդակայանին կը սպառնայ», աւելցուցած է ան:
«Իսրայէլեան գաղութ չենք եւ պիտի չըլլանք», շեշտած է Պըրրի` նշելով, որ կը մերժէ «արտաքին որեւէ ցուցմունք, որ ազգային գերիշխանութիւնը կ՛ոտնահարէ»:
Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղած է` «ստեղծուած տագնապը լուծելու բացառապէս լիբանանեան շահերուն համաձայն»:


