Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաժժար. «Կառավարութիւնը Վճռական Է Քաղաքապետական Ու Թաղապետական Ընտրութիւնները Կատարելու Անոնց Ժամկէտին»

February 20, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար յայտնեց. «Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը վերահսկողութեան տակ է եւ շարունակ կը բարելաւուի»:

Հաժժար Տար Ֆաթուայի մէջ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի հետ իր հանդիպումէն ետք քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Բոլոր ապահովական մարմինները ամբողջական համակարգումով կ՛աշխատին, եւ գումարուող ապահովական ժողովները հետապնդման ու ուժերու լարման բարձրագոյն մակարդակով տեղի կ՛ունենան: Խիստ վերաբերմունք կայ ամրապնդելու անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, եւ խուսափելու երկրին մէջ անվտանգութեան մթնոլորտը խանգարող երեւոյթներէն»:

«Ներքին գործոց նախարարութիւնը կը կատարէ իր պարտաւորութիւնը` պաշտպանելու մարդիկը, պահպանելու անոնց անվտանգութիւնը կանխարգելիչ ապահովութեան, ոճիրներու դէմ պայքարի եւ յարձակումներու արգիլման համար պէտք եղածով: Եւ անվտանգութիւնը կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն մէկ հիմնական բաժինն է», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն` ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Հաժժար յայտնեց. «Կառավարութիւնը վճռական է զանոնք անոնց ճշդուած ժամկէտներուն կատարելու, թափանցիկութեան բարձրագոյն արժեչափերուն հիմամբ եւ ամենայն ազատութեամբ ու ժողովրդավարութեամբ»:

Ներքին գործոց նախարարի տեղեկատուութեան գրասենեակը երէկ նաեւ հերքեց կայքի մը կողմէ պետական վարչական աղբիւրի մը վերագրուած այն լուրը, թէ նախարար Ահմետ Հաժժար քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւնները երեք կամ չորս ամիսներով յետաձգելու որոշում պիտի հրապարակէ:

«Նախարարին կողմէ այդ առնչութեամբ որեւէ յայտարարութիւն չկատարուեցաւ, եւ ան յանձնառու է սահմանադրական գործողութիւնները անոնց ժամկէտին կատարելու», նշեց գրասենեակը:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի. Ամերիկեան Ճարտարագիտական Ընկերութիւններ Իսրայէլին Օգնած Են Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ «Աւելի Մեծաթիւ Կասկածելիներու Սպանութեան Մէջ»

Յաջորդը

Դոկտ. Պայրագտարեան Ընդունեց Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Եւ Հարաւի Խորհուրդի Նախագահը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.