Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզ Լիբանանէն Իսրայէլի Ամբողջական Հեռացման Անհրաժեշտութիւնը Կը Շեշտէ` Նշելով. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Կրնան 5 Կէտերուն Մէջ Տեղակայուիլ»

February 20, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Փարիզ երեքշաբթի գիշեր տեղեակ դարձած է իսրայէլեան ուժերու հարաւային Լիբանանի գիւղերէն հեռացման մասին` յիշեցնելով կարելի եղածին չափ շուտ ամբողջական հեռացում կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ֆրանսան տեղեկացաւ, թէ իսրայէլեան բանակը տակաւին լիբանանեան հողերու վրայ հինգ կէտերու մէջ ներկայ է»` աւելցնելով, թէ Ֆրանսան «կը յիշեցնէ զինադադարի համաձայնութեան կէտերուն համաձայն, իսրայէլեան բանակի լիբանանեան հողերէն կարելի եղածին չափ շուտ հեռացման անհրաժեշտութիւնը»:

Փարիզ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` որդեգրելու իր այն առաջարկը, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը, ներառեալ ֆրանսական զօրամասը կրնան փոխան իսրայէլեան ուժերուն տեղակայուիլ Կապոյտ գիծին անմիջապէս մօտ, այդ հինգ կէտերուն մէջ, «եւ այդտեղի բնակչութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորել»:

«Ֆրանսան Միացեալ Նահանգներու կողքին (զինադադարի հսկողութեան) մեքանիզմի ծիրին մէջ պիտի շարունակէ 26 նոյեմբեր 2024-ի համաձայնագիրին մէջ ճշդուած բոլոր առաքելութիւնները ստանձնել», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարութիւնը ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ սերտ համակարգումով լիբանանեան բանակի տեղակայումը, որ «լիբանանեան զինեալ ուժերուն պիտի արտօնէ չպայթած զինամթերքներու վերացում կատարել եւ բնակիչներուն ապահովական կարելի լաւագոյն պայմաններու մէջ վերադարձին աջակցիլ»:

 

 

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Ռիզայի Հետ Քննարկեց Վերաշինութեան Հարցը

Յաջորդը

Ուալց. «Միացեալ Նահանգներ Յանձնառու Են Լիբանանին Նկատմամբ` Աշխատելու Զինադադարի Ամրապնդման Եւ Առկախ Հարցերը Դիւանագիտութեան Ճամբով Լուծելու Համար»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.