Պայրագտարեան Ֆրանսախօսութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Կլոր Սեղանի Բացման Խօսքը Արտասանեց
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան «Ֆրանսերէնով ուսուցում, լիբանանցի երիտասարդի յաջողութեան բանալի» խորագիրով Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի գրասենեակի կազմակերպած կլոր սեղանի բացման հանդիսութեան ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց Լիբանանի, անոր երիտասադրութեան եւ ֆրանսախօս երկիրներուն, մասնաւորաբար Ֆրանսայի միջեւ ուժեղ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ սերունդներու ապագայի կերտման մէջ չափազանց հիմնական ազդեցութիւն ունեցող ուսումէն օգտուելու ջանքերը: Լիբանանի խորհրդարանին մէջ...




















