Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա Մարուն Ռասի մէջ շարք մը նահատակներու յուղարակաւորութեան ընթացքին յայտնեց. «Պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն յանձնեցինք պատասխանատուութիւնը դիմակայելու իսրայէլեան այս խախտումները, Իսրայէլի ազատ գործունէութեան շարունակումը: Անոնք ամէն օր կ՛ահաբեկեն, կը ռմբակոծեն եւ յարձակում կը գործեն:
Թէեւ պետութեան կարելիութիւններն ու կացութիւնը գիտենք, սակայն միշտ կ՛ըսուէր` «եկէ՛ք միջազգային ընտանիքին ու միջազգային որոշումներուն դիմենք, եւ ձգեցէ՛ք, որ պետութիւնը գործէ: Սակայն պետութիւնը հաստատութիւններ են եւ ազգային որոշում մը, որ պէտք է բարձրագոյն մակարդակի վրայ տրուի, դիմակայելու համար այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ մեր հողին վրայ, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ»:
«Երբ պետութիւնը իր պատասխանատուութիւններէն կը հրաժարի, ինչպէս նախապէս հրաժարեցաւ եւ ինչպէս այս շրջանը նախապէս լքեց, այդ ատեն ժողովուրդը պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնէ, ինչպէս իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին կատարեց», ըսաւ երեսփոխանը:
«Առիթը յարմար է հիմա բոլոր անոնց, որոնք նախապէս կը կրկնէին, եւ հիմա ալ կը կրկնեն, թէ պետութիւնը կրնայ որոշումին տէր ըլլալ. հրամմեցէ՛ք այդ որոշումը ձեր ձեռքն է, ի՞նչ կ՛ընէք», հարց տուած Ֆատլալլա:
«Գիտենք, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան-ամերիկեան ճնշումի փորձեր կան, եւ այդ ճնշումները սկսան զայն մղել որդեգրելու քաղաքական որոշումներ, որոնք իր շահերուն, պատմութեան եւ ժողովուրդի զոհաբերութիւններուն համահունչ չեն: Այդ փորձերը պէտք է նախ եւ առաջ դիմակայուին պատասխանատուներու մակարդակի վրայ, որովհետեւ հարաւային Լիբանանի հարցը եւ բռնագրաւումին դէմ դնելու հարցը պէտք չէ միայն շիիական խնդիր կամ հարաւային հարց ըլլայ, այլ անիկա ազգային խնդիր է», ըսաւ երեսփոխանը:
Ֆատլալլա պատասխանատուներուն կոչ ուղղեց` հասարակական կարծիքին անկեղծօրէն յայտնելու ամերիկեան վարչակազմին եւ իսրայէլացի թշնամիին անվտանգութեան, գերիշխանութեան ու վերաշինութեան հարցով Լիբանանը շանթաժի ենթարկելնուն մասին` նշելով. «Միասնաբար, պետութեան, անոր հաստատութիւններուն ու պաշտօնատարներուն հետ կրնանք դիմակայել այդ շանթաժը»: