Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց. «Պետութենէն պահանջուածը սահմանամերձ գիւղերու ազգային գերիշխանութիւնը հիմա, առանց դատարկ պատրուակներու ու կեղծ խոստումներուն ամրապնդելն է»:
«Այն, ինչ որ շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենայ, կացութեան եռում է, պատերազմներ, ահաբեկչական խենթութիւն, բացայայտ խախտում է, առանց իրաւական հեղինակութեան կամ ՄԱԿ-ի պաշտպանութեան: Իսրայէլ յարձակումներ ու խախտումներ կը գործէ, եւ Ամերիկան անոր բացարձակ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ` առանց որեւէ արժէք տալու միջազգային օրէնք եւ ՄԱԿ կոչուած որեւէ բանի: Այս աշխարհի իրողութիւնը «կա՛մ որսորդ կ՛ըլլաս, կա՛մ որս»-ն է, ուստի ոչ ոք թող Իսրայէլի ծառայող բաներու մասին մտածէ, եւ ան որ ատիկա կ՛ընէ, երկիրը ազգային ծանր աղէտի կը մատնէ, եւ ծածուկ ծրագիրներու խաղը բացայայտուած է», ըսաւ շէյխ Քապալան:
«Միայն Դիմադրութիւնն ու անոր ռազմավարական կշիռը արգելք են հարաւային Սուրիոյ եւ Լիբանանի ծայրամասին մէջ Իսրայէլի կատարածին, եւ առասպելական բանակի պարտութիւնը Խիամ գիւղի մերձակայքին մէջ միայն ու միայն Դիմադրութեան ձեռքով եղաւ: Այլընտրանքը տկարութիւն ու անկարողութիւն է, որ չի կրնար երաշխաւորել աշխարհագրական գերիշխանութիւնն ու այլ բաներ: Ուստի պիտի չընդունինք երկրին մէջ Իսրայէլի ծրագիրներուն ծառայող բաներու որդեգրումը, եւ կրակի հետ խաղալը իր ետին ոչինչ կը ձգէ», աւելցուց ան: