Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ապահովական Ժողովի Ընթացքին Քննարկեց Լիբանանի Կայունութեան Եւ Անվտանգութեան Պահպանման Համար Որդեգրուած Քայլերը

Նախագահ Աուն Ապահովական Ժողովի Ընթացքին Քննարկեց Լիբանանի Կայունութեան Եւ Անվտանգութեան Պահպանման Համար Որդեգրուած Քայլերը

Նախագահ զօր.Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ նախագահեց ապահովական ժողովի մը, որուն մասնակցեցան լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ռայետ Ապտալլան, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Հասան Շքէյրը եւ Պետական անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն հազարապետ-զօրավար Էտկար Լաուանտոսը: Ժողովի մասնակիցները քննարկեցին Լիբանանի ապահովական կացութիւնը եւ երկրի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու համար որդեգրուած քայլերը:

Պասիլ. «Դաշնակիցներու Կարիք Ունիմ Այնքան, Որքան Ուրիշներ Հետս Դաշնակցելու Կարիք Ունին»

Պասիլ. «Դաշնակիցներու Կարիք Ունիմ Այնքան, Որքան Ուրիշներ Հետս Դաշնակցելու Կարիք Ունին»

Ազգային ազատ հոսանքի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Ասաս Միտիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ իր հոսանքը իրմով կ՛ամփոփէ ընդդիմութիւնը, առանց որ ընդունի, թէ իր բոլոր ունեցածը կորսնցուց` աւելցնելով.  «Պետութեան եւ իշխանութեան մէջ ոչինչ ունէի, եւ օր մը չզգացի կամ չերեւակայեցի, թէ կրնամ ամէն ինչ կառավարել, ոչ ալ ըսել «ոչ» ամէն ինչի: Կարողութիւն ունէի տեղ մը ազդելու, սակայն ոչ այլուր...

Պայրագտարեան Իտալիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Մարմնակրթութեան Ոլորտին Մէջ Գործակցութեան Կարելիութիւնները

Պայրագտարեան Իտալիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Մարմնակրթութեան Ոլորտին Մէջ Գործակցութեան Կարելիութիւնները

Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ֆապրիցիօ Մարչելին եւ անոր հետ քննարկեց հասարակաց հետաքրքրութեան հարցեր, որոնցմէ կարեւորագոյնը երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութեան կարելիութիւններն էին: Պայրագտարեան եւ Մարչելի խորհրդակցեցան մարմնակրթական դիւանագիտութեան եւ մարմնակրթական մարզումի առնչուող միացեալ գործունէութիւն ծաւալելու կարելիութիւններուն շուրջ: Անոնք քննարկեցին արտասահման գտնուող քաղաքացիներու ներառման վերաբերեալ իտալական փորձառութիւնը եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթ. «Հինգշաբթի օրուան իֆթարէն առաջ Աուն-Պըրրի-Սալամ եռակողմ հանդիպումին առանցքը ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի նամակն էր, որ կը բովանդակէ կոչ մը` շտապելու կազմութիւնը զինուորականներէ եւ քաղաքայիններէ բաղկացած երեք յանձնախումբերու` Իսրայէլի հեռացման, սահմանագծման եւ գերիներու վերադարձի թղթածրարներուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար»: ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին.«Լիբանանին հասած դիւանագիտական շտապ նամակներ, մասնաւորաբար Կազայի վրայ պատերազմի վերսկսումէն եւ այլ ճակատներու...

Նախարարաց Խորհուրդը Վարչական Նշանակումներու  Մեքանիզմին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուց

Նախարարաց Խորհուրդը Վարչական Նշանակումներու Մեքանիզմին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուց

Նախարարաց խորհուրդը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի: Խորհուրդը որդեգրեց վարչական նշանակումներու մեքանիզմը եւ պահանջեց նշանակումներուն ձեռնարկել: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նիստէն ետք յայտարարեց, որ վարչական նշանակումներու մեքանիզմին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, եւ ըսաւ. «Կը ջանանք, որ պետութեան կառավարումը ըլլայ պարկեշտ եւ ազդու, քաղաքացին կը պաշտպանէ, հիմնուած է կարողութեան վրայ եւ համայնքներուն կամ քաղաքացիներուն ծառայութեան մէջ չ՛ըլլար»:...

Ուիթքոֆ. «Լիբանան Անկախ Պետութիւն Է,  Որ Իր Գերիշխանական Որոշումները Ինք Կու Տայ,  Եւ Մենք Կառավարութեան Այդ Կարողութեան  Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք»

Ուիթքոֆ. «Լիբանան Անկախ Պետութիւն Է, Որ Իր Գերիշխանական Որոշումները Ինք Կու Տայ, Եւ Մենք Կառավարութեան Այդ Կարողութեան Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ հերքեց օրաթերթի մը հաղորդած այն լուրը, թէ Տոհայի մէջ լիբանանցի պաշտօնատարի մը հետ հանդիպում ունեցած է` շեշտելով, որ այդ տեղեկութիւնը «սուտ եւ ապակողմնորոշող» է: «Տարաձայնութիւններ եւ կեղծ լուրեր հրապարակելը միայն իրարանցում կը ստեղծէ եւ կը քայքայէ լրատուամիջոցներու հաւաստիութիւնը», նշեց ան: Ուիթքոֆ նաեւ յայտարարեց. «Լիբանանը անկախ պետութիւն է, որ իր գերիշխանական որոշումները...

Մաքրոն. «Ֆրանսան Ու Սէուտական Արաբիան  Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Նկատմամբ  Նոյն Նպատակները Ունին»

Մաքրոն. «Ֆրանսան Ու Սէուտական Արաբիան Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Նկատմամբ Նոյն Նպատակները Ունին»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց, որ Ֆրանսան ու Սէուտական Արաբիան Սուրիոյ եւ Լիբանանի հարցով նոյն նպատակները ունին, որոնք են` միացեալ եւ ամբողջական գերիշխանութեան տէր Լիբանանը, ինչպէս նաեւ միացեալ ու բոլոր սուրիացիներու փոխանցման ծիրին մէջ կայուն Սուրիան: Մաքրոն Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք յայտարարեց, որ ինք ողջունած է պըն Սալմանի Ուքրանիոյ հարցով Ժետտայի մէջ բանակցութիւններ կատարելու...

Պայրագտարեան Ընդունեց Ռուսիոյ Դեսպանը

Պայրագտարեան Ընդունեց Ռուսիոյ Դեսպանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որ ծանօթացման այցելութեամբ եկած էր նախարարութիւն: Պայրագտարեան դեսպանին հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութեան կնքումը արագացնելը, որպէսզի ձեռնարկուի մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութեան տարբեր կարելիութիւններու գործադրութեան: Նախարարը նաեւ դեսպանին ներկայացուց իր գլխաւորած նախարարութեան Հարաւի խորհուրդին հետ համակարգաբար իսրայէլեան յարձակումի հետեւանքով մարմնակրթական ու երիտասարդական...

Ժեմայել. «Քննարկման Նիւթը Զէնքի Գոյութիւնը Չէ,  Այլ Ինչպէս Զայն Պետութեան Շրջագիծին Մէջ  Ներառելը»

Ժեմայել. «Քննարկման Նիւթը Զէնքի Գոյութիւնը Չէ, Այլ Ինչպէս Զայն Պետութեան Շրջագիծին Մէջ Ներառելը»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայել «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «35 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանը ազատագրուած է որեւէ հոգատարութենէ եւ այլեւս կարող է իր պատմութեան մէջ նոր էջ բանալ: Այդ էջը կարելի չէ բանալ Սուրիոյ, Հըզպալլայի կամ իսրայէլեան բռնագրաւումի տիրապետութեան տակ: Այսօր, իբրեւ լիբանանցիներ մենք կրնանք որոշել, որոշումը դուրսէն գալու փոխարէն»: «Այսօր ժամանակն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

-  «ՆԱՇՐԱ» կայքը հաղորդեց, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ վերջին յարձակումներուն ընթացքին զոհուած Մեհտի Հաժ Հասանի յուղարկաւորութեան ընթացքին Հաուշ Սէյիտ Ալի գիւղին վրայ սուրիական կողմէն կրակ բացուած է: -  ԱՂԲԻՒՐ մը «Լիուա» օրաթերթին յայտնած է. «Կանգնած ենք նոր «Սայքս-Փիքօ»-ի համաձայնագիրի առջեւ, որ Իսրայէլին Լիբանանի մէջ նոր տարածք կու տայ, եւ ամերիկեան նոր վարչակազմը` Տանըլտ Թրամփի գլխաւորութեամբ, ծրագիրներ մշակած է` կառավարելու Լիբանանի...

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Մաարապի Մէջ

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Մաարապի Մէջ

ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը երեքշաբթի, 18 մարտ 2025-ի երեկոյեան այցելեց Մաարապ, ուր տեսակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան եւ քարտուղար Ճորճ Գրիգորեան: Ժողովին ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ Մելհեմ Ռիաշի եւ Ռազի Հաժ, ինչպէս նաեւ նախկին...

Լիբանանեան Բանակը Մուտք Գործեց  Հաուշ Սէյիտ Ալի Գիւղի Լիբանանեան Հատուած

Լիբանանեան Բանակը Մուտք Գործեց Հաուշ Սէյիտ Ալի Գիւղի Լիբանանեան Հատուած

Լիբանանեան բանակը երէկ մուտք գործեց եւ տեղակայուեցաւ Պեքայի մէջ Հաուշ Սէյիտ Սալի գիւղի լիբանանեան հատուածին մէջ, այդտեղ աշիրեթներու հետ բախումներու ընթացքին մուտք գործած սուրիացի զինեալներու հեռացումէն ետք: Լիբանանեան բանակի շուրջ 60 մեքենայ մուտք գործեց գիւղ: Բանակը ամրապնդեց իր ներկայութիւնը` գիւղին մէջ զինուորական ու ապահովական կէտեր հաստատելով: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զինեալ խմբաւորումները դիտաւորեալ կերպով հրկիզած են գիւղացիներուն բնակարանները:...

Նախագահ Աուն. «Անհրաժեշտ Է Ամրապնդել  Հիւսիսարեւելեան Սահմանին Վրայ Զինադադարը  Եւ Դադրեցնել Յարձակումները»

Նախագահ Աուն. «Անհրաժեշտ Է Ամրապնդել Հիւսիսարեւելեան Սահմանին Վրայ Զինադադարը Եւ Դադրեցնել Յարձակումները»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն հետեւեցաւ հիւսիսարեւելեան սահմանին վրայ ապահովական զարգացումներուն: Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ նախագահին հեռաձայնելով զինք տեղեակ պահեց շրջանին մէջ հանդարտութեան ու կայունութեան վերականգնման նպատակով բանակին որդեգրած քայլերէն: Նախագահ Աուն զինադադարը ամրապնդելու, յարձակումները դադրեցնելու եւ սահմանները վերահսկողութեան տակ պահելու անհրաժեշտութիւնը շեշտեց:

Սալամ. «Միշտ Պետութիւնը Իր Առաջին Ու Վերջին  Ապաստանը Նկատող Իւրաքանչիւր  Լիբանանցիի Կողքին Պիտի Կանգնինք»

Սալամ. «Միշտ Պետութիւնը Իր Առաջին Ու Վերջին Ապաստանը Նկատող Իւրաքանչիւր Լիբանանցիի Կողքին Պիտի Կանգնինք»

«Միշտ պետութիւնը իր առաջին ու վերջին ապաստանը նկատող իւրաքանչիւր լիբանանցիի կողքին պիտի կանգնինք», յայտարարեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամ: Սալամ Տար Այթամ Իսլամիայի իֆթարի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց. «Իսրայէլեան հեռացման ապահովումը առաջնահերթութիւն է, հարաւային Լիբանանի, Պեքայի եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ վերաշինութեան աշխատանք սկսիլը առաջնահերթութիւն է, ելեկտրականութեան ապահովումը առաջնահերթութիւն է, վարչական բարեկարգումը առաջնահերթութիւն է, դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու տէրերուն...

Պերպոքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Նախագահ Աուն. «Իսրայէլ Հինգ Բլուրները  Դատարկելու Համար Լիբանանի Ներկայացուցած Բոլոր Առաջարկները Մերժեց»

Պերպոքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Նախագահ Աուն. «Իսրայէլ Հինգ Բլուրները Դատարկելու Համար Լիբանանի Ներկայացուցած Բոլոր Առաջարկները Մերժեց»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Բարեկարգումը լիբանանեան կարիք է եւ ոչ միայն միջազգային կամ շրջանային պահանջ»: «Իսրայէլի հարաւային Լիբանանի մէջ հողերու եւ բլուրներու բռնագրաւման շարունակումը կը խոչընդոտէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը եւ կը հակասէ համաձայնութեան, որ անցեալ նոյեմբերին գոյացաւ», ըսաւ Աուն: Հանրապետութեան նախագահը նաեւ շեշտեց. «Իսրայէլ մերժեց հինգ...

Հաշեմ. «Իսրայէլեան Գոյացութեան Հետ  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար Լիբանանի Վրայ  Ճնշումները Շրջանը Պիտի Ներքաշեն  Վտանգաւոր Փուլի Մէջ»

Հաշեմ. «Իսրայէլեան Գոյացութեան Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար Լիբանանի Վրայ Ճնշումները Շրջանը Պիտի Ներքաշեն Վտանգաւոր Փուլի Մէջ»

Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելքին եւ մասնաւորաբար Լիբանանին խոստացած խաղաղութիւնը, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ամբողջ արաբական աշխարհի մէջ Իսրայէլի ծրագիրներուն ու ձգտումներուն ծիրին մէջ, վերածուեցաւ յաւելեալ պատերազմներու կոչերու, «եւ այդ է, որ այսօր հարաւային Լիբանանի մէջ կը տեսնենք լիբանանեան գերիշխանութեան վրայ իսրայէլեան առօրեայ յարձակումներու ճամբով, մինչ ամբողջ աշխարհը, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի շրջանին...

Հաժժար. «Յանձնառու Ենք Քաղաքապետական  Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները Անոնց  Ճշդուած Ժամկէտին` Յառաջիկայ Մայիսին Կատարելու»

Հաժժար. «Ընտրութիւններուն Քուէարկողներուն Հրաւէրը Պիտի Ուղղուի 4 Ապրիլէն Առաջ»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն քուէարկողներուն հրաւէրը պիտի ուղղուի 4 ապրիլէն առաջ, «այսինքն` 4 մայիսին նախատեսուած առաջին փուլէն մէկ ամիս առաջ»: «Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան մօտ թեքնիք յետաձգումը բացառուած է», նշեց ան: Մինչ որեւէ յետաձգում խորհրդարանին կողմէ օրէնսդրական նիստի ընթացքին օրէնքի վաւերացում կը պահանջէ, խորհրդարանի...

Նախագահ Աուն Բոլորին Մտահոգութիւնները  Փարատելու Յանձնառութիւն Կը Ցուցաբերէ

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, նախարարաց խորհուրդը այսօր նախատեսուած 2-րդ նիստէն ետք պիտի գումարէ նաեւ 3-րդ նիստ մը` որդեգրելու համար նոր խումբ մը նշանակումներու, որոնց ամէնէն նշանակալիցը Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակումն է: - ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին յայտնած են. «Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը կ՛ուղղուի պատժամիջոցներ հաստատելու Լիբանանի մէջ հաղորդակցութիւններու մարզին առնչուած ապօրինի հաղորդակցութիւններու գործունէութեան շարունակման իրենց մեղսակցութեան եւ այդ...

Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Ընթացքին.  Պլասխարթ. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Բանակի  Ներկայութիւնը Եւ Ռմբակոծման Գործողութիւնները  Շարունակելը Կրնան Վտանգաւոր Հետեւանքներ Ունենալ»

Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Ընթացքին. Պլասխարթ. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Բանակի Ներկայութիւնը Եւ Ռմբակոծման Գործողութիւնները Շարունակելը Կրնան Վտանգաւոր Հետեւանքներ Ունենալ»

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժենին Հենես-Պլասխարթ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան շուրջ զեկուցում ներկայացնելուն ընթացքին ողջունեց «կառավարութեան խոստմնալից ծրագիրը, որ վաւերացուեցաւ»` նշելով. «Լիբանանի մէջ կառավարական երկարատեւ դատարկութիւնը նոր վարչակազմին միայն մէկ տարիէն քիչ մը աւելին ձգեց դիմակայելու դժուար մարտահրաւէրներու շարքը»: «Իսրայէլեան բանակին լիբանանեան հողերու վրայ գտնուիլը ռմբակոծման գործողութիւնները շարունակելուն առընթեր կրնայ Կապոյտ գիծի լիբանանեան կողմին...

Դեսպան Աթաբէկեան. «Թող Երաժշտութիւնը Խօսի, Որպէսզի Մարդկային Կարեկցանքի Ու Հանդուրժողականութեան Զգացումը Յաղթէ, Եւ Բոլոր Ռազմագերիները Վերադառնան Իրենց Օճախները»

Դեսպան Աթաբէկեան. «Թող Երաժշտութիւնը Խօսի, Որպէսզի Մարդկային Կարեկցանքի Ու Հանդուրժողականութեան Զգացումը Յաղթէ, Եւ Բոլոր Ռազմագերիները Վերադառնան Իրենց Օճախները»

Լիբանանի մէջ Ֆրանսախօսութեան միամսեակի ծիրին մէջ Հայաստանի, Պելճիքայի, Քանատայի եւ Զուիցերիոյ դեսպանատուներու եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի գրասենեակի միացեալ նախաձեռնութեամբ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ազգային սիմֆոնիք նուագախումբի «Ֆրանսախօսութեան ներդաշնակութիւնը» խորագիրով դասական երաժշտութեան համերգը: Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ու արտակարգ դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, որ ըսաւ. «Երբ զէնքերը կը խօսին, մուսաները կը...

Page 132 of 986 1 … 131 132 133 … 986

Արխիւներ