Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Տիւրզիներու Հոգեւոր Պետ. «Մենք Կը Յարգենք Լիբանանի Մէջ Մեր Եղբայրներուն Կարծիքը Եւ Մեր Միջեւ Միասնական Դիրքորոշման Ու Կեցուածքի Կոչ Կ՛ուղղենք»

Մարտ 15, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ Սուէյտա նահանգին մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Համմուտ Հաննաուի պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր համայնքի զաւակները ոչ ոքէ պաշտպանութիւն կը խնդրեն, կարող են իրենք զիրենք պաշտպանել, եւ պատմութիւնը այդ մասին կը վկայէ:

Ան ըսաւ. «Այն, ինչ որ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ, բոլորին վնաս կը հասցնէ, եւ մենք իրաւունք ունինք ինքնապաշտպանութեան համար զէնք կրելու»:

«Սուրիական կառավարութեան մաս կազմելը մեր ապահով իրաւունքն է, եւ մենք անջատուելու կամ մասնատուելու մասին մտածողներուն վերջինն ենք», աւելցուց շէյխ Հաննաուի:

«Կապի մէջ ենք նախագահ Ահմետ Շարհի հետ, եւ իմ եւ իր միջեւ անուղղակի կապ կայ Սուէյտայի նահանգապետ Մուսթաֆա Պաքուրի ճամբով, որուն ջանքերը կը գնահատենք: Շարհը սուրիացի քաղաքացի է, եւ պէտք է անոր առիթ տանք: Եթէ հայրենիքին համար լաւ աշխատի, մենք բոլորս հայրենիքի համար լաւ աշխատանքին հետ ենք»` աւելցնելով. «Մեր եւ Շարհի միջեւ գործակցութիւնը կախեալ է մեր ու իր եւ բոլոր սուրիացիներուն միջեւ գործակցութենէն: Մենք բոլոր Սուէյտայի մակարդակի կամ համայնքի մակարդակի վրայ չենք մտածեր: Մենք բոլոր սուրիացիներուն մասին կը մտածենք: Այն, ինչ որ Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, մեր սիրտը ցաւցուց, միեւնոյն ժամանակ քիւրտ սուրիացիներուն եւ Դամասկոսի մէջ իշխանութիւններուն միջեւ առնուած քայլը մեր սիրտը ուրախացուց ու հանգչեցուց, եւ կը մաղթենք, որ ատիկա սուրիական բոլոր նահանգներուն վրայ տարածուի»:

«Տիւրզիական կացութիւնը նաեւ իր արձագանգը ունեցաւ Լիբանանի մէջ: Մենք կը յարգենք ուրիշներուն եւ Լիբանանի մէջ մեր եղբայրներուն տեսակէտը, սակայն մեր միջեւ դիրքորոշման ու կեցուածքի միասնականութեան կոչ կ՛ուղղենք», նշեց Սուրիոյ մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետը:

 

Նախորդը

Պըզրի. «Լիբանանի Մէջ Բոլորը Կը Հետեւին Կառավարութեան Աշխատանքին` Այն Յոյսով, Որ Խօսքով Ու Գործով Կ՛ապացուցէ Նախկիններէն Տարբեր Ըլլալը»

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ Իֆթարի Ընթացքին. Սալամ. «Մեզի Համար Պետութեան Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերստանձնելէն Բարձր Ծրագիր Չկայ»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?