– «ՆԱՇՐԱ» կայքը հաղորդեց, որ Հայըաթ Թահրիր Շամը փակած է Հերմել քաղաքի արեւելքը գտնուող Մշրիֆա գիւղին մօտ ապօրինի բոլոր սահմանային անցակէտերը, մինչ այդ անոր անդամները գիւղին ուղղութեամբ կրակած են եւ «Պի.7» ռումբեր նետած, առանց որ վիրաւորներ արձանագրուին:
Լիբանանեան բանակը որդեգրած է բոլոր քայլերը զինեալներուն լիբանանեան հողեր մուտք գործելը արգիլելու համար, Մշրիֆա գիւղի բնակիչներն ու աշիրեթներու անդամ երիասարդներ եւս քայլեր որդեգրած են եւ լիբանանեան բանակին ետին պատրաստ վիճակի մէջ կանգնած են «որեւէ խնդիրի արձանագրումը արգիլելու համար»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց. «Միջազգային դրամական ֆոնտը մինչեւ յառաջիկայ ամառ ոչ պաշտօնական ժամկէտ ճշդեց Լիբանանի հետ վերջնական համաձայնութիւն գոյացնելու համար»:
– ՀԱՒԱՍՏԻ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ Սուրիոյ մէջ վերջին իրադարձութիւններուն պատճառով Լիբանանի մէջ մինչեւ ուրբաթ օր արձանագրուած սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասած է մօտաւորապէս Լիբանանի բնակչութեան թիւի կիսուն, այսինքն 2 միլիոն 450 հազարի:
– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պատրաստութիւններ կը տեսնուին Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի այս շաբաթ Լիբանան այցելութեան համար:
– «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին ունեցած «հաւաստի տեղեկութիւններուն» համաձայն, իսրայէլեան բանակին կողմէ բռնագրաւուած հինգ կէտերու թղթածրարին մէջ քանի մը օրէն նոր զարգացումներ տեղի պիտի ունենան: Բրիտանիան կը պատրաստէ առաջարկ մը, որ կը ճշդէ այդ կէտերու հարցին լուծման տարազը:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը Եաթեր գիւղին մէջ ինքնաշարժի մը վրայ յարձակում գործեց, որուն հետեւանքով քաղաքացի մը զոհուեցաւ եւ ուրիշ մը վիրաւորուեցաւ: Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը նաեւ Մէյս Ժապալ գիւղին մէջ ինքնաշարժի մը վրայ յարձակում գործեց, որուն հետեւանքով արձանագրուեցաւ զոհ մը:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց, թէ իսրայէլեան բանակը յարձակում գործած է Հըզպալլայի երկու անդամներու վրայ, որոնք Եաթեր եւ Մէյս Ժապալ շրջաններուն մէջ հետախուզական աշխատանք կը տանէին` աւելցնելով, որ անոնց գործունէութիւնը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ գոյացած փոխադարձ հասկացողութիւններու խախտում է:
– ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ իր քարոզի ընթացքին յայտնեց. «Պետութիւնը պէտք է հաստատութիւններուն ճամբով խաղաղութիւն, արդարութիւն եւ կայունութիւն ապահովէ, եւ ժողովուրդը ասիկա կը սպասէ ներկայ քաղաքական իշխանութիւններէն, որոնք ժողովրդային ու միջազգային վստահութիւն կը վայելեն»: