Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 27, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

–  «ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.»-Ի տեղեկութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Լիբանան, պիտի խօսի Հըզպալլան ամբողջովին զինաթափելու կարեւորութեան մասին եւ արծարծէ «վերաշինութիւնը ապազինման դիմաց» գաղափարը:

–  «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Լիբանան կը սպասէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի` Ֆիթրի տօնի աւարտէն ետք Պէյրութ այցելութեան:

Քաղաքական ականաւոր աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, որ իր կարծիքով, Լիբանանի վրայ ամերիկեան ճնշումը, որուն նպատակը տեւական սահմանագծում կատարելն է, պիտի չիրականանայ, եթէ անոր զուգահեռ Հըզպալլան միջազգային որոշումներուն ու Թաէֆի համաձայնագիրին հիմամբ չապազինուի:

Քաղաքական աղբիւրը նաեւ նշած է, թէ Իսրայէլ կ՛ուզէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւն մը, որ զինադադարի համաձայնութենէն աւելի է ու յարաբերութիւններու բնականոնացումէն նուազ եւ կարող կը դարձնէ սահմանները այնպիսի ձեւով վերահսկել, որ Հըզպալլային պիտի չարտօնէ իր զէնքը օգտագործել:

–  ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Հատաս»-ին յայտնած են, թէ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է:

–  ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ապահովութեան ազգային հիմնադրամի ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Քարաքի «Լեպանոն Տիպէյթ»-ին. «Աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտարը հաստատեց 80 առ հարիւր դեղորայքային եւ 90 առ հարիւր հիւանդանոցային ծածկոյթ»:

–  ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մոհամետ Հայտար «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդի այսօրուան նիստի ընթացքին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակման կողքին վարչական նշանակումներ պիտի կատարուին:

–  ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մոհամետ Հայտար յայտնեց. «Ցուցակագրման յանձնախումբը հրաւիրեցինք 7 մայիսին ժողովի մը` քննարկելու համար նուազագոյն ամսականի բարելաւումը»:

–   ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախարար Պշարա Ասմար անդրադառնալով այն գումարին, որուն նուազագոյն ամսականը կրնայ բարձրացուիլ, «Լեպանոն Տիպէյթ»-ին յայտնած է. «Մենք կատարեցինք շարք մը ուսումնասիրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ 1000 տոլարի գումարը այլեւս բաւարար չէ»:

–  ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ վարչակազմէն աղբիւր մը «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնած է. «Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մըրհաֆ Ապու Քասրայի եւ իր լիբանանցի պաշտօնակից Միշել Մնասսայի միջեւ երէկ նախատեսուած հանդիպումի ջնջուելուն պատճառը մօտ օրէն սուրիական կառավարութեան կազմութիւնն է, որմէ ետք տեղի պիտի ունենան փոփոխութիւններ պատասխանատուութիւններու, մասնաւորաբար Լիբանանի հետ ապահովական թղթածրարով զբաղելու պատասխանատուութիւնը ունեցող սուրիացի սպայի»:

–  ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը այսօր ժամը 12:30-ին նախագահական պալատին մէջ կը գումարէ ժողով մը:

 

Նախորդը

Ռուպիօ. «Հարաւային Կովկասի Մէջ Որեւէ Մագլցում Անընդունելի Է»

Յաջորդը

Սալամ Թրիփոլի Այցելեց

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?