Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 28, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Ֆրանս 24»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն կ՛աշխատի Լիբանանին օգնելու խորհրդաժողովի մը վրայ, եւ հիմնական պայմանը բարեկարգումներն ու Միջազգային դրամական ֆոնտին պայմանները կատարելն է»:

Նշենք, որ նախագահ Աուն այսօր Փարիզ կ՛այցելէ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Մաքրոնի հետ:

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի մէջ պաշտօնատարներ կը ստանան դիւանագիտական պատգամներ, թէ իշխանութեան կողմէ զինադադարի համաձայնութեան կէտերը գործադրելու ժամանակը կը նուազի: Սակայն կառավարութիւնը կը գիտակցի, թէ առանց համախոհութեան արեւմտեան պայմանները գործադրելը պիտի ունենայ հետեւանքներ եւ հակառակ արդիւնքներ, որոնք աւելի վտանգաւոր են, քան այդ սպառնալիքները կամ իսրայէլեան յարձակումի շրջագիծի ընդլայնումը»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին կը յայտնէ. «Լիբանան կառչած կը մնայ Իսրայէլի հետ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան համար համաձայնեցուած մեքանիզմէն անդին երթալը մերժելուն: Եւ այդ շրջագիծէն դուրս եղող որեւէ առաջարկ, ինչպիսին է քաղաքական յանձնախումբերու կազմութիւնը, անընդունելի է»:

– ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի հանդիպումներու մթնոլորտին ծանօթ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են. «Լը Տրիան փոխանցեց ֆրանսական պատգամ մը, որ գոհունակութիւն կ՛արտայայտէ Լիբանանի մէջ քաղաքական կեանքի դարձեալ կանոնաւորուելուն նկատմամբ եւ կը յուսայ, որ Նաուաֆ Սալամի կառավարութիւնը կ՛իրագործէ փրկարարական քայլերը, որոնք Լիբանանը կը դնեն վերականգնման եւ իր դժուար ճգնաժամէն դուրս գալու ուղիին վրայ»:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Լը Տրիան փոխանցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի այն ընդգծումը, թէ Ֆրանսան Լիբանանը պիտի չլքէ եւ կը շարունակէ անոր կողքին կանգնիլ, զայն իր, վերջին զարգացումներուն` իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով բարդացած տագնապէն դուրս գալու կարող դարձնելու համար, եւ մեկնելով անկէ` Մաքրոն որոշած է մօտ օրէն եւ թերեւս քանի մը շաբաթէն Լիբանանի աջակցութիւն ապահովելու համար միջազգային խորհրդաժողովի հրաւիրել:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Եոհմոր Շքիֆի մէջ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Արձանագրուեցան երեք զոհեր: Իսրայէլեան բանակը կը յայտարարէ, թէ յարձակում գործած է Հըզպալլայի շարք մը զինեալներու վրայ, որոնք Եոհմոր շրջանին մէջ զէնքեր կը տեղափոխէին:

– ՆԱԽԱԳԱՀ Ժոզեֆ Աուն Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայելի հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու քաղաքական զարգացումները:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սեզար Խալիլ Սահմանադրական խորհուրդին ներկայացուց 2025 թուականի ամավարկի օրէնքին դէմ Հզօր Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ 10 երեսփոխաններէ ստորագրուած բողոքագիր մը:

Նախորդը

Բագրատունի. «Դաշնակցութեան Համար Հայաստանը Համայն Հայութեան Հայրենիքն Է»

Յաջորդը

Հասպանի. «Եթէ Պետութիւնը Սահմանադրութիւնը Գործադրելու Եւ Զէնքի Մենաշնորհը Ունենալու Քայլերը Չկատարէ, Կրնան Միջազգային Կողմեր Միջամտել»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման  Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը
Լիբանանեան

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.