Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Սաապ. «Որոշում Տուինք Առաջարկուած Ընտրական Օրէնքներուն Վերաբերեալ Չաճապարել` Կազմելու Համար Անոնց Ուսումնասիրութեան Յատուկ Յանձնախումբ Մը»

Մարտ 25, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստէն ետք յայտարարեց. «Որոշում տուինք առաջարկուած ընտրական օրէնքներու վերաբերեալ չաճապարել` կազմելու համար անոնց ուսումնասիրութեան յատուկ յանձնախումբ մը»:

Ան նշեց, որ առաջարկուած է խորհրդարանի եւ ծերակոյտի անդամներու ընտրութեան օրէնքի առաջարկ մը, «եւ անոր շուրջ քննարկումը տեղին էր»:

«Առողջապահական քարտի վերաբերեալ որոշումը հոյակապ է, սակայն պէտք է համակարգում կատարել առողջապահութեան նախարարութեան եւ Ընկերային ապահովագրութեան սնտուկին հետ, որոնք օրինագիծը աւելի ուսումնասիրելու ժամանակ խնդրեցին», ըսաւ Պու Սաապ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտարարեց. «Առաջարկեցինք ընտրական օրէնք մը, որ որոշ յաւելումներով հիմնուած է Ուղղափառ համայնքի ընտրական օրէնքին վրայ: Այսպիսով քննարկումը կը սկսի հիմէն` Ազգային ուխտի համահնչութենէն»:

«Կա՛մ իսկական եւ ոչ ձեւական բաժնեկցութեամբ համայնքային դրութիւն, կա՛մ ալ ամբողջովին աշխարհիկ դրութիւն`  հասարակաց կեանքի բոլոր երեսներուն համար: Միայն քաղաքական համայնքայնութեան ջնջումը Լիբանանի ջնջում է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այս է Թաէֆի համաձայնագիրը, զայն ապակեդրոնացման հետ միասին ամբողջութեամբ գործադրեցէք»:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայել յայտնեց, որ Ծերակոյտը համակարգին վրայ նոր ու կարեւոր յաւելում մըն է, սակայն պէտք է տեղաւորուի սահմանադրական ամբողջական վերադասաւորման մը ծիրին մէջ:

Ան նշեց, որ բոլոր հաստատութիւնները ներառող սահմանադրական բարեկարգում կատարելու հրատապ կարիք կայ եւ ոչ թէ միայն ստեղծել ծերակոյտ մը` առանց անոր լիազօրութիւնները ճշդելու:

Ինչ կը վերաբերի ընտրական օրէնքի բարեփոխման, Ժեմայել քննադատեց արտասահմանի լիբանանցիներու երեսփոխաններու աթոռները միայն վեցով սահմանափակելը` կոչ ուղղելով արտասահմանի լիբանանցիներուն խնդիրը կապելու ամբողջ Լիբանանին: Ան անհրաժեշտ նկատեց որդեգրել օրէնք մը, որ արտասահմանի լիբանանցիներուն կ՛արտօնէ բոլոր երեսփոխաններուն քուէարկելու:

Ան կարեւոր նկատեց ներկայացուցչութեան բարելաւման համար ներկայացուած առաջարկներու քննարկման համար ստեղծումը յատուկ յանձնախումբի մը, որուն մաս կը կազմեն բոլոր երեսփոխանական պլոքները:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան պետը նշեց, որ Լիբանանը ընտրական մէկ տարածք նկատելը կը հակասէ Թաէֆի համաձայնագիրին եւ ներկայացուցչութեան սկզբունքի խախտում մըն է:

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Մասնակցեցաւ ՖԻՒՆԻՒԼ-ի Մաս Կազմող Հայկական Զօրախումբի Հերթափոխութեան Արարողութեան

Յաջորդը

Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Ըստ Նահանգներու Ճշդեց 4-Էն 25 Մայիսի Միջեւ

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?