Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հութ. «Հրթիռները Արձակած Կողմը Ուզեց Լիբանանը Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշել»

Մարտ 25, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց. «Անծանօթ հրթիռները, որոնց արձակումը ոչ մէկ կողմ կը ստանձնէ, ընդհանրապէս կասկածելի կ՛ըլլան եւ կը ծառայեն օրակարգերու, որոնց նպատակը մթնոլորտը լարելն ու զայն դէպի անբաղձալի կողմ մղել կ՛ըլլայ: Սակայն հարաւային Լիբանանէն Մթըլլէ բնակեցման վայրին ուղղութեամբ արձակուած ինքնութիւնը անյայտ հրթիռները մեծ հաւանականութեամբ իսրայէլեան թշնամիին հնարքն էին` փորձելով արդարացնել Լիբանանի վրայ իր յարձակումի շարունակութիւնը, մանաւանդ որ ո՛չ զինադադարի համաձայնութիւն յարգեց, ո՛չ ալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը, ուստի հարաւային Լիբանանէն հեռանալու համար իր վրայ բանեցուող միջազգային ճնշումներուն դիմաց արդարացումներ կը փնտռէ, եւ ատիկա կը նշանակէ, թէ հրթիռները արձակած անծանօթ կողմը ուզեց Լիբանանը ներքաշել նոր պատերազմի մը մէջ, որ իսրայէլացի թշնամիին նպատակներուն կը ծառայէ»: Ան այս մասին յայտնեց քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին:

Մեկնաբանելով այն վարկածը, թէ հրթիռարձակումը պատասխան էր վարչապետ Նաուաֆ Սալամի «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանէն կատարած այն յայտարարութեան, թէ «Բանակ, ժողովուրդ եւ Դիմադրութիւն» նշանաբանը անցեալին կը պատկանի, Հութ ըսաւ. «Մինչեւ այս պահս չկայ որեւէ ճշգրիտ տեղեկութիւն կամ անցողակի ցուցանիշ, որ այդ վարկածը կ՛ամրապնդէ: Սակայն հաստատ է, որ իսրայէլացի թշնամին կ՛օգտուի այս կասկածելի արարքէն` արդարացնելու համար հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի վրայ իր վերջին յարձակումները եւ լիբանանեան հինգ բլուրներէն չհեռանալը: Ուստի թիւ մէկ կասկածելին, եթէ ոչ միակը, ան է»:

Ան բոլոր լիբանանցիներուն, առանց խտրութեան, կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին թիկունքին ու կողքին կանգնելու:

«Մենք համոզուած չենք, որ իսրայէլացին մօտ օրէն հարաւային Լիբանանէն պիտի հեռանայ: Մեկնելով ատկէ, անհրաժեշտ է, որ լիբանանեան կառավարութիւնը աշխուժացնէ միջազգային ընտանիքին ուղղութեամբ իր աշխատանքը, մասնաւորաբար անոնց ուղղութեամբ, որոնք զինադադարի համաձայնութեան երաշխաւոր են, որպէսզի զանոնք մղէ իրենց պարտականութիւնը կատարելու, եւ թշնամիին ստիպեն նշեալ համաձայնութիւնը գործադրելու», յայտնեց երեսփոխանը:

Ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի զինաթափման եւ օրինականութենէն ու զինեալ ուժերէն դուրս բոլոր զէնքերէն ձերբազատման, Հութ յայտնեց. «Այդ հարցը կարելի է լուծել միայն  ազգային երկխօսութեան ճամբով, որ կը յանգի պետութեան պաշտպանութեան ռազմավարութեան որդեգրումով: Որեւէ այլ լուծում, մասնաւորաբար անոնք, որոնք հիմնուած են բռնի ուժի կիրարկման վրայ, երկիրը կ՛առաջնորդեն ապահովական քաոսի, որ ցաւալի հետեւանքներ կ՛ունենայ»:

«Կը կարծեմ, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յարմար պահուն այդ նպատակով ազգային երկխօսութեան հրաւէր պիտի ուղղէ», նշեց երեսփոխանը:

Նախորդը

Ֆրանսան Կը Պատրաստուի Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Մը

Յաջորդը

Հուսի. «Լիբանանի Վրայ Սիոնական Յարձակումները Պիտի Չդիտենք Եւ Պատրաստ Ենք Հըզպալլայի Ու Լիբանանցի Ժողովուրդին Կողքին Միջամտելու»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?