Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Ժոզեֆ Քսսէյֆիի գլխաւորութեամբ խմբագիրներու սենտիքայի պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Յարձակումները դադրեցնելու համար Իսրայէլի վրայ միջազգային եւ արաբական դիւանագիտական ճնշումը չէ աւարտած»:
Սալամ նշեց, որ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի այցելութեան նպատակը վերաշինութեան թղթածրարի քննարկումն է:
«Այն հինգ կէտերը, որոնց Իսրայէլ կառչած կը մնայ, զինուորական եւ ապահովական արժէք չունին, այլ անոնց կառչած մնալու նպատակը Լիբանանի վրայ ճնշումը պահելն է», ըսաւ վարչապետը` շեշտելով. «Լիբանանի մէջ ոչ ոք Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում կ՛ուզէ, եւ ատիկա բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ մերժուած է»:
Սալամ վերստին խոստացաւ կատարել ելեւմտական եւ քաղաքական բարեկարգում, որ «ժամանակի կը կարօտի»` աւելցնելով. «Յառաջիկայ ամսուան վերջաւորութեան կը սպասուի Միջազգային դրամատան կողմէ վերաշինութեան թղթածրարին յատկացուած 250 միլիոն տոլար վաւերացնել, եւ ատկէ ետք կը սպասուի գումարել խորհրդաժողով մը` մէկ միլիառ տոլարի գումար մը հաւաքելու համար»:
«Հըզպալլան իր զանգուածը, երեսփոխաններն ու ներկայացուցչութիւնը ունի, եւ վերջերս ըսածս այն էր, թէ «Բանակ, ժողովուրդը եւ Դիմադրութիւն» նշանաբանի գաղափարն է, որ վերջ գտաւ, եւ չնշուեցաւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ, որ զէնքի պետութեան մենաշնորհը շեշտեց», նշեց Սալամ: