Լիբանանեան

Պու Սաապ. «Անհրաժեշտ Է Երեսփոխանական  Ընտրութիւններու Օրէնքները Քննարկել»

Պու Սաապ. «Անհրաժեշտ Է Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Օրէնքները Քննարկել»

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստի աւարտէն ետք նշեց. «Ընտրական ներկայ օրէնքը կիրարկելի չէ, եւ անոր շուրջ քննարկումը ուշ կամ կանուխ պիտի սկսի»: «Անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւններու օրէնքները քննարկել», ընդգծեց Պու Սաապ: Նշենք, որ խորհրդարանական յանձնախումբերը երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով գումարեցին նիստ մը` քննարկելու համար շարք մը առաջարկներ, որոնց շարքին` երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ օրէնքներ:  ...

Հաժժար. «Շաբաթ Օր Յարձակումներ Տեղի Ունենալու  Կարելիութիւնը Նկատի Կ՛ունենանք, Եւ Ընտրական  Հոլովոյթը Ամբողջացնելու Որոշումը Յստակ Է»

Հաժժար. «Շաբաթ Օր Յարձակումներ Տեղի Ունենալու Կարելիութիւնը Նկատի Կ՛ունենանք, Եւ Ընտրական Հոլովոյթը Ամբողջացնելու Որոշումը Յստակ Է»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար յայտնեց, որ պետութիւնը վճռած է կատարել հարաւային Լիբանանի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները, որոնք նախատեսուած են շաբաթ, 24 մայիսին: Հաժժար այս մասին յայտարարեց Սայտայի եւ Նապաթիէի սերային մէջ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու պատրաստութիւններուն հետեւելու համար իր շրջապտոյտէն ետք: «Յառաջիկայ շաբաթ օր զինադադարի խախտումներ եւ յարձակումներ տեղի ունենալու կարելիութիւնը նկատի կ՛ունենանք, եւ ընտրական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն եւ անոր հետ քննարկեց ֆրանսական-լիբանանեան յարաբերութիւնները եւ զանոնք տարբեր ոլորտներու մէջ զարգացնելու կարելիութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ շրջանային վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի Եգիպտոս այցելութեան արդիւնքները: - «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ 27 մայիսին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Արաբական տեղեկատուութեան համախմբումի ծիրին...

Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութեան Առաջադրած Եւ Աջակցած Թեկնածուները 100 Առ Հարիւր Յաջողեցան

Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութեան Առաջադրած Եւ Աջակցած Թեկնածուները 100 Առ Հարիւր Յաջողեցան

Կիրակի, 18 մայիս 2025-ին տեղի ունեցան Պէյրութի եւ Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները: Այնճարի պարագային ընտրութիւններու նախօրեակին ՀՅԴ-ի առաջադրած ցանկի մրցակիցի չգոյութեան պատճառով անիկա նկատուած էր 100 առ հարիւր յաջողած: Պէյրութի մէջ պատկերը տարբեր էր: Այնտեղ գոյութիւն ունէր ընտրական բուռն պայքար: Բայց եւ այնպէս, շնորհիւ համակիրներու աջակցութեան, ՀՅ Դաշնակցութեան առաջադրած եւ աջակցած թեկնածուներուն 100 առ հարիւրը յաջողեցան: Այսպէս, Պէյրութի քաղաքապետական...

Սիսիի Հետ Միացեալ Մամլոյ Ասուլիսի Ընթացքին.  Աուն. «Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղենք  Իսրայէլին Ստիպելու, Որ Զինադադարի Համաձայնութիւնը  Գործադրէ, Լիբանանեան Հողերէն Հեռանայ,  Եւ Գերիները Ազատ Արձակէ»

Սիսիի Հետ Միացեալ Մամլոյ Ասուլիսի Ընթացքին. Աուն. «Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղենք Իսրայէլին Ստիպելու, Որ Զինադադարի Համաձայնութիւնը Գործադրէ, Լիբանանեան Հողերէն Հեռանայ, Եւ Գերիները Ազատ Արձակէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հրաւէրով մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր Սիսիի հետ հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կոչ ուղղեց ստեղծելու արաբական հասարակաց շահերու համակարգ մը, որուն առաջին սիւնը արաբական պետութիւններուն, ժողովուրդներուն եւ երկիրներուն միջեւ հասարակաց շահերը պաշտպանող կանոնաւոր լուրջ մարմինի մը ստեղծումն է: «Մենք կը ձգտինք շրջանային հասարակաց շուկայ ստեղծելու: Թերեւս իբրեւ առաջին զայն սկսինք...

Պուլոսի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ապտելաթի Լիբանանի Նկատմամբ Աջակցութիւնն  Ու Անոր Գերիշխանութեան Ոտնահարման Մերժումը Հաստատեց

Պուլոսի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ապտելաթի Լիբանանի Նկատմամբ Աջակցութիւնն Ու Անոր Գերիշխանութեան Ոտնահարման Մերժումը Հաստատեց

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի Միացեալ Նահանգներու նախագահի արաբական եւ միջինարեւելեան հարցերու աւագ խորհրդական, ափրիկեան հարցերու բարձրաստիճան խորհրդական Մասաատ Պուլոսը ընդունելով, պարծանք յայտնեց «Եգիպտոսը Միացեալ Նահանգներուն միացնող ռազմավարական գործընկերութեան նկատմամբ, որ աւելի քան չորս տասնամեակներու վրայ կ՛երկարի, եւ կ՛իրագործէ քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական տարբեր ոլորտներու մէջ հասարակաց շահերը»: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամիմ Խալաֆ յայտնեց. «Երկու կողմերը շրջանային...

Ֆայեատ. «Կարգաւորման Որեւէ Հաւանական  Երթ Անարժէք Է, Եթէ Նախքան Այդ  Իսրայէլեան Հեռացումը Չկայանայ»

Ֆայեատ. «Կարգաւորման Որեւէ Հաւանական Երթ Անարժէք Է, Եթէ Նախքան Այդ Իսրայէլեան Հեռացումը Չկայանայ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ տոքթ. Ալի Ֆայեատ յայտնեց. «Լիբանան կ՛ենթարկուի զինուորական, քաղաքական եւ ելեւմտական բազմազան մակարդակներու վրայ ճնշումներու արշաւի մը, որ հաւանաբար յառաջիկայ փուլին աւելնայ, մեկնելով ճնշում բանեցնող ուժերու այն գնահատումէն, որ ատիկա Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը ընկրկումի պիտի մղէ»: «Անոնց հաշիւներն ու գրաւները սխալ են, որովհետեւ ճնշումները, սադրանքներն ու սպառնալիքները մեր հասարակութիւնը կը դարձնեն աւելի ամուր, հաստատ եւ...

Պայրագտարեան Ընդունեց Համալսարաններու  Լիբանանեան Միութեան Նախագահն Ու Պատուիրակութիւնը

Պայրագտարեան Ընդունեց Համալսարաններու Լիբանանեան Միութեան Նախագահն Ու Պատուիրակութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Համալսարաններու լիբանանեան միութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Զիատ Աատէի, որ նախարարին ներկայացուց միութեան ձեռնարկներու տարեկան ծրագիրը եւ առաջարկեց նախարարութեան հետ գործակցիլ երիտասարդական եւ մարմնակրթական ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ: Պայրագտարեան հետաքրքրուեցաւ համալսարաններուն ու նախարարութեան հետ միութեան համակարգումի եւ աշխատանքի մեքանիզմով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ համալսարանական երիտասարդութեան ծառայութեան մէջ ճշդուած նպատակի իրագործման համար այդ հաղորդակցութիւնը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հանդարտութեամբ կը վարուի զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու հարցին նկատմամբ` որեւէ բախում կանխարգիլելու համար, սակայն իշխանութեան եւ քաղաքականութեան մէկ մասը այս թղթածրարին նկատմամբ այլ մօտեցում կը ցուցաբերէ` մեկնելով այն կարծիքէն, թէ շրջանին մէջ պայմանները փոխուեցան, եւ պէտք է ամերիկեան աջակցութենէն օգտուիլ` փակելու համար այս թղթածրարը եւ վերջ տալու համար իսրայէլեան սանձարձակութեան»: -...

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Երէկ Լիբանանի մէջ 4 մայիսէն ի վեր տեղի ունեցող քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն 3-րդ փուլն էր: Ընտրութիւնները տեղի ունեցան մայրաքաղաք Պէյրութի, Պեքայի եւ Պաալպեք-Հերմելի քաղաքներուն, գիւղերուն եւ շրջաններուն մէջ: Եւ թէեւ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ քուէարկութեան ընդհանուր համեմատութիւնը շատ ցած էր (անիկա այդպէս ալ 21 առ հարիւրի սահմանը չանցաւ), սակայն օրուան ընթացքին լիբանանեան հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ մասնաւորաբար ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական...

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան երէկ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի ընկերային ցանցերու հարթակներուն տրուած յատուկ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Պէյրութի եւ Պեքայի մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն յայտնեց. «Նախ եւ առաջ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր ընտրամեքենային: Առաջին հերթին նկատի ունիմ մեր համակիր ժողովուրդը եւ կուսակցական ընկերները: Յատուկ կերպով կ՛ուզեմ անդրադառնալ մեր համակիր զանգուածի մասնակցութեան, որովհետեւ այս աշխատանքը...

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Զոքաք Պլաթի մէջ Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւն կատարելու նախօրեակին «Վանայ Ձայն»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին գնահատեց այն քաղաքացիները, որոնք պատասխանատուութեամբ կատարեցին իրենց պարտականութիւնը: Անդրադառնալով Պէյրութի կարեւորութեան` ան դիտել տուաւ, որ անիկա համախոհութեան, բոլորին մասնակցութեան քաղաքն է, բոլոր լիբանանցիներուն մայրաքաղաքն է, ո՛ւր ալ բնակին անոնք, ուստի պէտք...

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ  Մարոքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Մարոքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու խորհրդաժողովին մասնակից Լիբանանի պատուիրակութեան իբրեւ նախագահ հանդիպում ունեցաւ մարոքցի իր պաշտօնակից Մոհամետ Մեհտի Պենսայիտի հետ: Երկու նախարարները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու, երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ միացեալ ձեռնարկներ կատարելու եւ իրենց միջեւ հաղորդակցութիւնը զարգացնելու կարելիութիւնները: Պայրագտարեան շնորհաւորեց Մարոքի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը Ֆրանսախօս...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, արաբական եւ նուիրատու երկիրները Լիբանանին յայտնած են, որ չեն կրնար վերաշինութեան ծրագիրին մէջ մտնել, նախքան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութեան յստակացումը, եւ անոնց համոզումով վերաշինութիւնը առնչուած է անհրաժեշտ բարեկարգումներ կատարելու պետութեան կարողութեան: - ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին յայտնած են. «Պատժամիջոցներու ջնջումը, մասնաւորաբար «Սիզըր» պատժամիջոցներու ջնջումը պիտի նպաստէ Եգիպտոսէն կազի եւ Յորդանանէն ելեկտրականութեան ներածման ծրագիրի վերակենդանացման,...

Օրթէյկըս. «Բարգաւաճման Ուղին Ամբողջ  Երկրին Մէջ Հըզպալլան Ապազինելն Է»

Օրթէյկըս. «Բարգաւաճման Ուղին Ամբողջ Երկրին Մէջ Հըզպալլան Ապազինելն Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նախանձախնդիր պիտի ըլլանք Միջին Արեւելքի ամբողջ տարածքին մէջ ահաբեկչութեան գործակատարներու հետապնդման: Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութեան հետ սերտ կերպով աշխատեցանք` յայտնաբերելու համար Հըզպալլային ապօրինի ֆինանսաւորումը դիւրացնող անձերը, զանոնք ճշդելը, անոնց անունները նշելն ու բացայայտելը, եւ այսօր այդ է, որ կ՛ընենք»: «Անցնող քսան տարիներուն ընթացքին...

Պըրրի. «Նախագահական Աթոռի Թափուր Վիճակին Վերջ Տալը Ազգային Անհրաժեշտութիւն Է Եւ Իմ Առաջնահերթութիւնս Է»

Պըրրի. «Ամերիկացիները Հարաւային Լիբանանի Մէջ Զինադադարին Առաջին Առնչակիցիներն Են, Եթէ Իրապէս Զայն Կ՛ուզեն»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարաւային Լիբանանի մէջ շարունակուող մագլցումն ու Սուրիոյ մէջ աննախադէպ զարգացումները իրարու առնչեց եզրակացնելով, թէ այդ բոլորը «Իսրայէլի հետ հաշտութեան» ծիրին մէջ է: Պըրրի «Ասաս»-ին յայտնեց, որ հաստատօրէն նոր Սուրիան Իսրայէլի հետ հաշտութեան ուղիի վրայ է, թէեւ այդ ճամբուն վրայ շատ չէ յառաջացած: «Սուրիան Արբահամեան համաձայնութիւններու եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղիով կ՛ընթանայ», ըսաւ ան` մեկնաբանելով Ռիատի մէջ սէուտական-ամերիկեան...

Սթրիտա Ժահժահ. «Լիբանանը Պէտք Է Քայլ Պահէ  Միջին Արեւելքի Մէջ Ռազմավարական  Մեծ Փոփոխութիւններուն Հետ»

Սթրիտա Ժահժահ. «Լիբանանը Պէտք Է Քայլ Պահէ Միջին Արեւելքի Մէջ Ռազմավարական Մեծ Փոփոխութիւններուն Հետ»

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Սթրիտա Ժահժահ շեշտեց. «Անհրաժեշտ է, որ Լիբանան քայլ պահէ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող ռազմավարական մեծ փոփոխութիւններուն հետ, մասնաւորաբար անոնք, որոնք սկսան իրենց արձագանգը գտնել արաբական եւ միջազգային յստակ նախաձեռնութիւններու մէջ, որոնց նպատակն է շրջանի ուղղուածութիւնը վերստին կողմնորոշել: Անոնց առաջինը Պաղեստինեան դատը իրատեսական եւ տրամաբանական կերպով լուծելն է»: «Այս փոփոխութիւնները աւելի քան երբեւէ կ՛ընդգծեն անհաժեշտութիւնը...

Եաաքուպ. «Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցներու  Ջնջումէն Ետք Լիբանանի Մէջ Սուրիացիներու  Մէկ Օրով Իսկ Մնալնուն Նկատմամբ Լուռ Մնալու  Ամէն Տրամաբանութիւն Չքացաւ»

Եաաքուպ. «Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցներու Ջնջումէն Ետք Լիբանանի Մէջ Սուրիացիներու Մէկ Օրով Իսկ Մնալնուն Նկատմամբ Լուռ Մնալու Ամէն Տրամաբանութիւն Չքացաւ»

Նահժ շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Հասան Եաաքուպ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ջնջեց «Ծոցի շրջան իր արժէքաւոր բերքահաւաքի ընթացքին», իսկ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհը խօսեցաւ սուրիացի ժողովուրդին համար «բարգաւաճման ու բացուելու» փուլի մասին: Եաաքուպ բացատրեց, որ ռազմավարական ծրագիրը կը հիմնուի այն տրամաբանութեան վրայ, թէ «սուրիացի անօթի եւ ուժասպառ ժողովուրդը պիտի ընդունի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու...

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին  Գործոց Նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային զարգացումները: Քննարկումի նիւթ դարձան Իսրայէլի շարունակուող յարձակումները, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներու տունդարձի խնդիրը: Բագրատունի կարեւորութեամբ շեշտեց արտաքին գործոց նախարարութեան դերակատարութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած լիբանանցի Վիգէն Իւլճեքեանի ազատ արձակման առնչութեամբ եւ պահանջեց համապատասխան միջոցներով միջամտել ազրպէյճանական իշխանութիւններուն մօտ` լրջութեամբ...

«Լիբանանի Կողքին Կը Կանգնինք, Եւ Կը Դատապարտենք  Անոր Գերիշխանութեան Վրայ Իսրայէլեան  Իրերայաջորդ Յարձակումները»  Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Լիբանանի Կողքին Կը Կանգնինք, Եւ Կը Դատապարտենք Անոր Գերիշխանութեան Վրայ Իսրայէլեան Իրերայաջորդ Յարձակումները» Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյն, Պաղտատի մէջ Արաբական վեհաժողովի նախապատրաստութեան արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ ժողովը կը գումարուի արաբ ժողովուրդի պատմութեան մէջ նուրբ փուլի մը ընթացքին, ինչ որ հասարակաց մարտահրաւէրներու դիմակայման համար ջանքերու միաւորում կը պահանջէ: Հիւսէյն շեշտեց, որ պաղեստինեան դատը կը շարունակէ մնալ արաբական աշխարհի կեդրոնական դատը` վերահաստատելով իր հողերը ազատագրելու...

Page 122 of 986 1 … 121 122 123 … 986

Արխիւներ