Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 21, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն եւ անոր հետ քննարկեց ֆրանսական-լիբանանեան յարաբերութիւնները եւ զանոնք տարբեր ոլորտներու մէջ զարգացնելու կարելիութիւնները:

Քննարկուեցան նաեւ շրջանային վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի Եգիպտոս այցելութեան արդիւնքները:

– «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ 27 մայիսին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Արաբական տեղեկատուութեան համախմբումի ծիրին մէջ տեղեկատուութեան եւ մշակոյթի նախարարներուն ընկերակցութեամբ հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի հետ:

Ըստ տեղեկութիւններուն, լիբանանեան-սուրիական հանդիպումը արդիւնք է արաբական ջանքերու` Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումէն ետք քննարկելու համար հասարակաց հիմնական թղթածրարներ:

– ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ելեւմուտքի եւ ամավարկի, արդարադատութեան, պաշտպանութեան, ներքին եւ քաղաքապետութիւններու, առողջապահութեան, աշխատանքի, ընկերային հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց հինգշաբթի, 22 մայիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին տեղի ունենալիք միացեալ նիստի մը` քննարկելու համար խորհրդարանի անդամներու ընտրութեան, ծերակոյտի ընտրութեան օրինագիծերը, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքի Ուղղափառ հանդիպումի օրինագիծը, խորհրդարանի անդամներու ընտրութեան օրէնքի բարեփոխման առաջարկը եւ Ծերակոյտի անդամներու ընտրութեան բարեփոխման առաջարկը:

– ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս Տոհայի մէջ Քաթարի տնտեսական համախմբումի ընթացքին նշեց. «Լիբանանը տակաւին Հըզպալլան ապազինելու համար շատ բան ունի կատարելիք»:

Ան հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ. «Լիբանանի մէջ պաշտօնատարները վերջին վեց ամսուան ընթացքին հաւանաբար աւելին ըրին, քան վերջին 25 տարիներուն ընթացքին»:

«Միացեալ Նահանգներ կոչ ուղղեցին Հըզպալլան ամբողջովին ապազինելու, եւ ասիկա չի նշանակեր միայն Լիթանի գետէն հարաւ, այլ ամբողջ երկրի տարածքին», շեշտեց Օրթէյկըս` լիբանանեան ղեկավարութեան կոչ ուղղելով` «այդ առնչութեամբ որոշում տալու»:

Նախորդը

Լաւրով Կ՛այցելէ Երեւան

Յաջորդը

Հաժժար. «Շաբաթ Օր Յարձակումներ Տեղի Ունենալու Կարելիութիւնը Նկատի Կ՛ունենանք, Եւ Ընտրական Հոլովոյթը Ամբողջացնելու Որոշումը Յստակ Է»

RelatedPosts

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

October 1, 2026
Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին  Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած  Դիրքորոշումները Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած Դիրքորոշումները Կը Հերքէ

October 1, 2026
Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի  Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.