Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ տոքթ. Ալի Ֆայեատ յայտնեց. «Լիբանան կ՛ենթարկուի զինուորական, քաղաքական եւ ելեւմտական բազմազան մակարդակներու վրայ ճնշումներու արշաւի մը, որ հաւանաբար յառաջիկայ փուլին աւելնայ, մեկնելով ճնշում բանեցնող ուժերու այն գնահատումէն, որ ատիկա Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը ընկրկումի պիտի մղէ»:
«Անոնց հաշիւներն ու գրաւները սխալ են, որովհետեւ ճնշումները, սադրանքներն ու սպառնալիքները մեր հասարակութիւնը կը դարձնեն աւելի ամուր, հաստատ եւ ինքզինք պաշտպանելու պատրաստ», աւելցուց ան:
«Մինչ ամբողջական պատրաստակամութիւն կը յայտնենք ընդառաջելու եւ գործակցելու` յանուն Լիբանանի փրկութեան երթին, որուն նպատակը առողջացումը, կայունութիւնը, գերիշխանութիւնն ու բարեկարգումն է, մենք պիտի կարծրացնենք Լիբանանի պարտութեան երթը ամրագրելու, անոր գերիշխանութիւնը գրաւելու, անոր պայմաններ պարտադրելու, ներքին գործերուն միջամտելու եւ լիբանանցի ժողովուրդի մեծամասնութեան կողմէ մերժուած քաղաքական ընտրանքներ պարտադրելու, ինչպէս նաեւ ինքզինք պաշտպանելու անոր իրաւունքն ու կարողութիւնը խլելու փորձերուն մեր մերժումը», յայտնեց Ֆայեատ:
«Մենք լիարժէք կերպով կը գիտակցինք փուլին բարդութիւններուն եւ Լիբանանի անցած պայմաններու վտանգաւորութեան, սակայն ատիկա պատասխանատուութեան մակարդակը կը բարձրացնէ եւ ոչ թէ զայն կը ջնջէ, եւ կ՛աւելցնէ հաստատակամութեան, զոհողութեան պատրաստակամութեան եւ ազգային միասնականութեան կառչելու կարիքը», ըսաւ երեսփոխանը:
«Այն, ինչ որ լիբանանցիներուն մտավախութիւնները կ՛աւելցնէ, Լիբանանին մասնաւորաբար հովանաւոր երկու պետութիւններուն կողմէ տրուած բոլոր երաշխիքներուն տապալումն է: Անցնող ամիսներու փորձառութիւնը զինադադարի գործադրութեան վերահսկողութեան յանձնախումբին ամբողջական կողմնակալութիւնը ցոյց տուաւ: Ասիկա մեծ խնդիր է, որ խորացուց թշնամիին եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէ Լիբանանի վերաբերեալ ծրագիրին նկատմամբ մտավախութիւնները, եւ ասիկա կարգաւորման որեւէ հաւանական երթ եւ որեւէ խոստում անարժէք եւ ոչ հաւաստի կը դարձնէ, եթէ նախքան այդ իսրայէլացիներուն հեռացումը չկատարուի, օդային ահաբեկումներու գործողութիւններն ու սահմանամերձ գիւղերու մէջ քաղաքայիններու ռմբակոծումը չդադրի, եւ այս բոլորը` լիբանանեան կառավարութեան կողմէ որեւէ յանձնառութեան ստանձնումէն առաջ», յայտնեց Ֆայեատ:
«Մենք մեր կողմէն, իբրեւ Հըզպալլա, ամբողջովին դրական տրամադրուած ենք եւ լրջօրէն պատրաստ ենք լիբանանեան կառավարութեան հետ երկխօսութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան ծիրին մէջ գործակցելու` հասնելու համար կայունութեան, առողջացման ու բարեկարգման, եւ պետութեան կարողութիւններու կառուցման մեկնարկը տալու, որպէսզի կարող դառնայ իր պարտականութիւնները լիովին կատարելու: Սակայն, եթէ ոմանք կը կարծեն, թէ մեր ժողովուրդը առանց ապաստարանի պիտի մնայ, առանց որեւէ պաշտպանութեան, երաշխիքներու կամ կարողութիւններու, ապա ատիկա ո՛չ տրամաբանական է, ո՛չ ալ ընդունելի, եւ զայն պիտի չընդունինք», ընդգծեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխանը: