Երէկ Լիբանանի մէջ 4 մայիսէն ի վեր տեղի ունեցող քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն 3-րդ փուլն էր: Ընտրութիւնները տեղի ունեցան մայրաքաղաք Պէյրութի, Պեքայի եւ Պաալպեք-Հերմելի քաղաքներուն, գիւղերուն եւ շրջաններուն մէջ:
Եւ թէեւ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ քուէարկութեան ընդհանուր համեմատութիւնը շատ ցած էր (անիկա այդպէս ալ 21 առ հարիւրի սահմանը չանցաւ), սակայն օրուան ընթացքին լիբանանեան հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ մասնաւորաբար ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական մեքենայի աշխուժութեան վրայ, լիբանանեան լրատուամիջոցներ կատարուածը նմանցուցին մեղուափեթակի աշխատանքի:
Երէկ դարձեալ փաստուեցաւ ՀՅԴ-ի եւ Դաշնակցութեան համակիր զանգուածներուն միջեւ անքակտելի կապը: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն ՀՅԴ ակումբները եւ ընտրական կեդրոնները ընդունեցին լիբանանահայ քուէարկողները, որոնց քուէարկութեան աշխատանքը դիւրացնելու համար անոնց տեղեկութիւններ յայտնեցին քուէարկութեան կեդրոններուն մասին եւ ուղղորդեցին զանոնք դէպի այդ կեդրոնները: ՀՅԴ-ի ընտրական մեքենային հիմնական առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ այդ մեքենային մէջ ներառուած կուսակցականներու թէ համակիրներու կամաւոր աշխատանքն էր:
Երէկ տեղի ունեցան Պէյրութի, Պեքայի եւ Պաալպեք-Հերմելի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները, որոնք Լիբանանի տարածքին 4 մայիսին ընթացք առած քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու երրորդ փուլն էին:
«Ժատիտ» հաղորդեց, որ երեք նահանգներուն մէջ 172 քաղաքապետութիւններէն 41-ը եւ թաղապետի պաշտօնի 721 թեկնածուներէն 169-ը մրցակիցի չգոյութեան պատճառով ընտրուած են:
«Նաշրա» հաղորդեց, որ Պեքայի Հարապթա գիւղի քուէարկութեան կեդրոններէն մէկուն մէջ իրարանցում ստեղծուած է, եւ լիբանանեան բանակը ստիպուած եղած է կեդրոնը ժամանակաւորապէս փակել:
Զահլէի Մաալաքա շրջանի քուէարկութեան կեդրոններէն մէկուն առջեւ իրարանցում տեղի ունեցաւ, եւ լիբանանեան բանակը միջամտեց կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու համար:
«Էմ.Թի.Վի.» հաղորդեց, որ Քարաքի մէջ եւս քուէարկութեան կեդրոնի մը մէջ իրարանցում ծագած է, եւ լիբանանեան բանակը միջամտած է զայն կասեցնելու:
Անծանօթներ Արեւմտեան Պեքայի Քամետ Լոզ գիւղին մէջ կրակ բացին «Քամետ Լոզը Բարգաւաճման համար» ընտրացանկի ընտրամեքենային վրայ, որուն պատճառով քաղաքացի մը թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ: Լիբանանեան բանակը անմիջապէս ձեռնարկեց յանցագործներու հետապնդման:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Հռոմէն հետեւեցաւ ընտրութիւններու ընթացքին եւ ներքին գործոց նախարարութենէն, պաշտպանութեան նախարարութենէն եւ լիբանանեան բանակէն ընտրական հոլովոյթին եւ ապահովական, վարչական ու գումակային առումով լաւ ընթացքի ապահովման համար որդեգրուած քայլերուն վերաբերեալ զեկուցումներ ստացաւ:
Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ «Պեքայի եւ Պէյրութի զաւակները դիմեն քուէատուփ` քաղաքապետական խորհուրդներու եւ թաղապետական մարմիններու մէջ իրենց ներկայացուցիչները համոզումով, ազատութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ ընտրելու համար: Մանաւանդ որ անոնք անձեր չեն ընտրեր, այլ իրենց գիւղաքաղաքներուն, քաղաքներուն եւ գիւղերուն ապագան կառուցողները, որովհետեւ քաղաքապետական խորհուրդները նման են փոքր կառավարութիւններու, որոնք այս գիւղաքաղաքներուն եւ քաղաքներուն կառավարումը կը ստանձնեն»:
Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց, որ «քուէարկութեան համեմատութիւնը մեծաթիւ մասնակցութեան ճամբով բարձր ըլլայ, որովհետեւ ատիկա փոփոխութեան եւ ապագայի կառուցման մասնակցութիւն կը նշանակէ»:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր որդիներուն հետ առաւօտեան շուրջ ժամը 7:00-ին հասաւ Պէյրութի Պիր Հասան շրջանի «Օմար Ֆախուրի» դպրոց, ուր քուէարկութեան սենեակներէն մէկուն մէջ առաջին քուէարկողն էր:
Վարչապետը քուէարկելէ ետք յոյս յայտնեց, որ Պէյրութի մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը բարձր ըլլայ, «որովհետեւ ընտրութիւնները քաղաքի բարգաւաճման գործընթացին մաս կը կազմեն եւ անփոխարինելի առիթ մըն են»:
«Վստահ եմ, որ Պէյրութի բնակիչները այսօր ընտրութիւններուն մէջ բազմազանութիւնը պիտի ապահովեն», նշեց Սալամ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կառավարութիւնը Պէյրութի քաղաքապետութենէն ի՞նչ կը սպասէ, ան ըսաւ. «Կառավարութենէն կը պահանջուի ապահովել Պէյրութի բնակիչներուն ուզածը, եւ անոնց կը մնայ ընտրել Պէյրութը, որ կ՛ուզեն»:
«Պէյրութը բարգաւաճման ու զարգացման կարիք ունի` սկսելով ճամբաներուն վրայ գտնուող փոսերէն, խճողումէն եւ աղբերու խնդիրէն», նշեց վարչապետը:
«Պէտք է այլ շրջաններուն մէջ ընտրութիւններու ընթացքին պատահած սխալներէն դաս քաղենք, եւ կը յուսանք, որ Պէյրութի մէջ քուէներու հաշուարկը աւելի արագ տեղի ունենայ», յայտնեց Սալամ, սակայն աւելցուց, որ Պէյրութը Թրիփոլիէն շատ աւելի մեծ է, ուստի քուէահամարը ժամանակ պիտի պահանջէ:
Այնուհետեւ վարչապետը, պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսայի եւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժարի ընկերակցութեամբ այցելեց ներքին գործոց նախարարութեան մէջ ընտրական հոլովոյթին հսկելու կեդրոնի գործողութիւններու գրասենեակ, ուր յայտնեց. «Վստահ եղայ, որ ներքին գործոց նախարարութեան գործողութեան գրասենեակը պատրաստ է, եւ ընտրութիւններուն ապահովութիւնն ու պարկեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան անոնց չմիջամտելը մեզի համար կարեւոր են: Անցեալ շաբաթ գործուեցան շարք մը սխալներ, որոնցմէ են կրակոցը, ընտրակաշառքը եւ վարչական սխալները: Անոնցմէ դաս քաղեցինք, եւ Պէյրութի ու Պեքայի մէջ այսօրուան ընտրութիւնները լաւ պիտի ըլլան»:
Նախարար Հաժժար իր կարգին ըսաւ. «Ընտրական հոլովոյթը քուէարկութեան բոլոր կեդրոններուն մէջ ընթացք առաւ: Մինչեւ այս պահս ապահովական խնդիրներ չկան, եւ քուէարկութեան բոլոր կեդրոններուն մէջ բոլոր պակաս մնացածները կ՛ապահովուին, բացառութեամբ մէկ քուէարկութեան սենեակէ, ուր քուէատուփին կտրուած ըլլալուն ի յայտ գալէն ետք նոր քուէատուփ կ՛ապահովուի»:
Վարչապետը ընտրութեան ընթացքին հետեւելու համար այցելեց Ժըմմէյզէի մէջ Ֆրերներու դպրոց, ուր լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով մաղթեց, որ «քուէարկութեան ցած համեմատութիւնը բարձրանայ, որովհետեւ ասիկա Պէյրութի բնակիչներուն միակ առիթն է բարգաւաճման վերաբերեալ իրենց տեսակէտները արտայայտելու»: Ան անոնց կոչ ուղղեց` մեծ թիւով քուէարկութեան մասնակցելու, որովհետեւ Պէյրութը իր կենցաղային բոլոր հարցերուն մէջ բարգաւաճման կարիք ունի:
«Քաղաքի պատմութիւնը կը պահպանէ բազմազանութիւնը, եւ զիս հետաքրքրողը այն է, որ բոլորը քաղաքապետական խորհուրդին մէջ պէտք եղածին պէս ներկայացուին», նշեց Սալամ:
«Ընտրութիւններու աւարտէն ետք, պէտք է քաղաքապետական ընտրութեանց ամբողջ մեքանիզմը վերատեսութեան ենթարկել», ընդգծեց վարչապետը:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար Պէյրութի մէջ քուէարկութեան կեդրոններ շրջապտոյտի ընթացքին աղջկանց «Օմար Ֆարուխ» պետական վարժարանէն յայտնեց, որ նախարարութիւնը կ՛որդեգրէ թափանցիկութիւն եւ քաղաքացիէն որեւէ տեղեկութիւն չի թաքցներ:
Ան նշեց, որ մայրաքաղաքը արժանի է քաղաքապետական խորհուրդի մը, որ զայն լաւագոյնս կը ներկայացնէ` յոյս յայտնելով, որ օրուան ընթացքին լաւագոյնի ընտրութեան եւ բարգաւաճման աշխատանքի զարգացման համար քուէարկութեան համեմատութիւնը կը բարձրանայ:
Ինչ կը վերաբերի Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցածին, Հաժժար ըսաւ, որ խնդիրը շարք մը պաշտօնեաներու իրենց վստահուած վայրեր չներկայանալն էր, ինչ որ քուէահամարի գործողութեան մէջ բացթողումներ յառաջացուց, եւ հարցը լուծուեցաւ քուէահամարի յանձնախումբին ճամբով, եւ արդիւնքները ճիշդ ձեւով հրապարակուեցան:
Նախարարը ըսաւ, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնեաներուն գումակային բոլոր սարքերը տրամադրած է, իսկ արձանագրուած բողոքներուն մեծամասնութիւնը վարչական բնոյթի են, եւ ապահովական դէպքեր չկան:
Ներքին գործոց նախարարը աւելի ուշ այցելեց Պաալպեքի սերայ, ուր նահանգապետին հետ հանդիպումէն առաջ յայտնեց. «Ընտրական հոլովոյթը շատ լաւ ձեւով կ՛ընթանայ, եւ քիչ է թիւը բողոքներուն, որոնց մեծամասնութիւնը սովորականին նման վարչական բնոյթը կը կրէ: Ապահովական բողոքները շատ քիչ են, միայն Ֆեքհայի, Քաֆար Զապատի եւ Հարապթայի մէջ: Ընտրական հոլովոյթը մրցակիցներու միջեւ կռիւի պատճառով կարճ ժամանակով ընդհատուեցաւ, եւ ապահովական ուժերը միջամտեցին: Պէյրութի մէջ եւս հարցերը ընդհանուր առմամբ լաւ են, եւ կը կարծեմ, որ մինչեւ հիմա հոլովոյթը շատ լաւ է»:
Ինչ կը վերաբերի Պաալպեքի մէջ ընտրացանկի մը վստահուած անձերէն մէկուն պնդելուն, թէ առեւանգուած եւ խոշտանգուած է, նախարար Հաժժար ըսաւ. «Այդ տեղեկութիւնները ստացանք, եւ անշուշտ ապահովական մարմինները խնդիրին վրայ աշխատեցան, եւ որոշ ատեն ետք անձը յայտնաբերուեցաւ եւ ան ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին մօտ է, որ հետաքննութիւն կը կատարէ` ստուգելու համար, եթէ իրապէս առեւանգուած է կամ եթէ որեւէ բան կայ: Հետաքննութենէն ետք արդիւնքը պիտի յայտարարենք»:
Հաժժար նաեւ այցելեց Զահլէի սերայ, ուր յայտարարեց. «Այսօր ընտրական հոլովոյթը հոյակապ կերպով կ՛ընթանայ եւ ապահովական խնդիրները, որոնք կարգ մը շրջաններու մէջ տեղի ունեցան, շատ չնչին են, ապահովական ուժերը զանոնք վերահսկողութեան տակ առին, եւ կը յուսանք, որ հոլովոյթը այսպէս կը շարունակուի»:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պէյրութի մէջ քաղաքապետական նախկին խորհուրդը շարք մը ծրագիրներ խոչընդոտեց, եւ նոր քաղաքապետական խորհուրդի կողքին պիտի ըլլանք եւ անոր աշխատանքը պիտի դիւրացնենք»:
«Կուսակցութիւնները Հրատէն չեն եկած, այլ մաս կը կազմեն Պէյրութին, եւ անոնք դաշնակցեցան երաշխաւորելու համար քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարութիւնը եւ բարգաւաճման ծրագիրները գործադրելու», նշեց Թերզեան:
«Պէյրութը մեզ կը համախմբէ» անունը կրող քաղաքապետական խորհուրդի ցանկի թեկնածու Յովհաննէս Պչաքճեան «Վանայ Ձայն»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախ մեծապէս երախտապարտ է իրեն նկատմամբ լիբանանահայութեան ունեցած վստահութեան համար, նաեւ շատ գոհունակ է, որ հայկական երեք կուսակցութիւնները միասնաբար քով-քովի գալով գաղութը կը ներկայացնեն Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ իբրեւ թեկնածու ներկայանալու հիմնական մղիչ ուժը երեք կուսակցութիւններուն միասնական ներկայութեան որոշումն է: Պչաքճեան յայտնեց, որ ինք ընդհանրապէս հանրային բնագաւառին մէջ գործունեայ չէ եղած, ուստի ասիկա մարտահրաւէր է իրեն համար` հաստատելով, որ իր մասնագիտութեան վրայ հիմնուելով կարելին պիտի ընէ օգտակար դառնալու համայն լիբանանահայութեան` առանց որեւէ խտրականութեան: Թեկնածուն շեշտեց, թէ իրեն համար կարեւոր է, որ քաղաքապետական խորհուրդի աշխատանքը թափանցիկութեամբ տարուի: Յովհաննէս Պչաքճեան իր խօսքի աւարտին յոյս յայտնեց, որ պիտի կարենայ իրեն վրայ դրուած յոյսերն ու ակնկալութիւնները արդարացնել:
ՍԴՀԿ Լիբանանի վարիչ մարմինի անդամ Գէորգ Տաղլեան դիտել տուաւ, որ այս տարուան պատկերը տարբեր է անով, որ հայկական միասնականութիւնը կ՛արտացոլայ հոն, նաեւ հոն կան մեծաթիւ երիտասարդներ: Ան դրական նկատեց երեք կուսակցութիւններուն միասնական կեցուածքը, որուն ճամբով ալ հայութիւնը լաւագոյնս ներկայացուած պիտի ըլլայ լիբանանեան ընկերութեան մէջ եւ պաշտպանէ իր իրաւունքները` ցոյց տալով, որ հայութիւնը միակամ է: Ան յոյս յայտնեց, որ դրական արդիւնքներ կ՛արձանագրուին, որպէսզի ընտրուած թեկնածուները լաւագոյնս լծուին համայնքի ծառայութեան:
Գէորգ Տաղլեան դիտել տուաւ, որ այս ցանկի կազմութեան հասնելու համար կային դժուարութիւններ, սակայն կարելի եղաւ զանոնք յաղթահարել եւ իբրեւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններ` ՍԴՀԿ, ՌԱԿ եւ ՀՅԴ, համաձայնութիւն գոյացնել ի շահ հայ համայնքին, հաստատելով, որ այդպիսով կարելի է փոփոխութիւն բերել եւ բարեփոխումներ կատարել:
ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ Լիբանանի ապրած օրհասական այս օրերուն շատ կարեւոր եւ յատկանշական է հայկական երեք կուսակցութիւններուն միասնական կեցուածքը, որ միշտ պէտք է ամրակուռ ըլլայ, եւ այս ընտրութիւնները պիտի փաստեն, թէ ցանկին մէջ մէկտեղուած բոլոր կուսակցութիւններու համախմբումը կարեւոր է` Պէյրութը աւելի լաւ վայր մը դարձնելու եւ հաւասարակշռուած պատկեր ունենալու առումով:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ այցելեց Պեքա, ուր յայտարարեց. «Կապ հաստատեցինք երեսփոխան Պիլալ Ապտալլայի հետ` հետեւելու համար Թաալապայայի մէջ ընտրութիւններու ընթացքին: Թաալապայայի բնակիչները առանց համապատասխան օրէնքի գոյութեան քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարութիւնը ապահովման նախաձեռնելով փաստեցին, որ ընտրութիւններուն մէջ բնորդ են»:
Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար ներքին գործոց նախարարութիւն այցելութեան ընթացքին ընդգծեց ընտրական հոլովոյթը յաջողցնելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ ատիկա կառավարութեան ուսերուն դրուած պարտաւորութիւն է:
Նասսար աւելցուց, որ ժողովրդավարական աշխատանքը արտաքին աշխարհին ուղղուած չէ, այլ հիմնական մաս կը կազմէ Լիբանանին` իբրեւ ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնները յարգող պետութիւն:
Ան նշեց, որ ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան, որովհետեւ քաղաքացիին իրաւունքն է իր ներկայացուցիչները ամբողջական ազատութեամբ ընտրել:
Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղեց «Պէյրութը մեզ կը համախմբէ» ընտրացանկը ամբողջական կերպով ընտրելու, որովհետեւ քրիստոնեայ-իսլամ հաւասար ներկայացուցչութեան, Ազգային ուխտին եւ մայրաքաղաքի մէջ համակեցութեան երաշխիք է:
«Ընտրութիւնները պատասխանատուութիւն ու պարտաւորութիւն են, եւ Պէյրութի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարութիւնը անգիր օրէնք է, ատկէ ալ աւելի` տարազ է, Ազգային ուխտ եւ համակեցութիւն», ըսաւ Պասիլ:
«Ամբողջ ընտրացանկին, առանց վերախմբագրման քուէարկելը Ազգային ուխտը պահպանել է», շեշտեց երեսփոխանը:
Պասիլ աւելի ուշ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Պէյրութը մեր բոլորին մայրաքաղաքն է, իսկ բազմազան Զահլէն արեւելքի մէջ կաթողիկէութեան մայրաքաղաքը կը մնայ, եւ մեր պարտականութիւնն է անոր բոլոր զաւակները պահպանել: Ոչ ոք կրնայ անոր հաւասարակշռութենէն ու բաղադրութենէն ուրիշը ջնջել, եւ այսօր, Աստուած ուզէ, Զահլէն կը փաստէ, որ ինք միշտ ալ Պեքային հարսն է, իսկ անոր ժողովրդավարական հարսանիքը անոր բազմազանութեամբ է եւ ոչ ոքի մենաշնորհն է»:
Նախկին նախարար Մոհամետ Շուքէյր «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կը շնորհաւորեմ ներքին գործոց նախարարը կատարուած աշխատանքին համար եւ Պէյրութի բնակիչներէն կը խնդրեմ, որ ընտրութեան մասնակցին, որովհետեւ կ՛ուզենք, որ Պէյրութի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ հաւասար ներկայացուցչութիւնը մնայ»:
Երեսփոխան Իմատ Հութ «Էմ.Թի.Վի.»-ին յայտնեց. «Պէյրութի մէջ բոլոր մրցակից ընտրացանկերն ալ քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարութեան բնոյթ ունին, եւ հիմնական մտահոգութիւնը բարգաւաճումն է: Ընտրական մեքենաները աշխատանք կը տանին քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարութիւնը երաշխաւորելու նպատակով ամբողջական ընտրացանկին քուէարկութիւնը ապահովելու համար»:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ամին Շըրրի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց. «Բազմազան ընտրացանկին մասնակցութիւնը Պէյրութի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարութեան ապահովման համար էր, եւ այն ինչ որ տեղի ունեցաւ քաղաքական համախոհութիւն չէր, այլ բարգաւաճման շուրջ համախոհութիւն»` աւելցնելով. «Քուէահամարէն ետք պիտի տեսնենք, թէ ո՛վ էր, որ այդ հաւասարութիւնը կ՛ապահովէ, եւ արդիւնքները պիտի հաստատեն, որ քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարութեան երաշխաւորող տարրերէն մէկն էին»:
Արդարադատութեան նախարարութիւնը երէկ առաւօտեան ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակի առիթով կրակողները զգուշացուց, որ անոնց նկատմամբ առաւելագոյն չափով խստութիւն պիտի կիրարկուի, եւ անոնք արդարադատութեան կողմէ հաշուետուութեան պիտի ենթարկուին: