Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրթէյկըս. «Բարգաւաճման Ուղին Ամբողջ Երկրին Մէջ Հըզպալլան Ապազինելն Է»

May 17, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նախանձախնդիր պիտի ըլլանք Միջին Արեւելքի ամբողջ տարածքին մէջ ահաբեկչութեան գործակատարներու հետապնդման: Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութեան հետ սերտ կերպով աշխատեցանք` յայտնաբերելու համար Հըզպալլային ապօրինի ֆինանսաւորումը դիւրացնող անձերը, զանոնք ճշդելը, անոնց անունները նշելն ու բացայայտելը, եւ այսօր այդ է, որ կ՛ընենք»:

«Անցնող քսան տարիներուն ընթացքին Հըզպալլան Լիբանանը երկու անգամ Իսրայէլի հետ պատերազմի մէջ ներքաշեց, եւ ամէն անգամ, որ կուսակցութիւնը կը միջամտէ, այն ինչ որ կ՛ընէ հարաւը իր զէնքով քանդելն է: Հարաւցիները ներքաշեց պատերազմի մը մէջ, որուն չեն ուզեր մաս կազմել, ինչպէս նաեւ Լիբանանը ներքաշեց նոր պատերազմի մէջ», նշեց Օրթէյկըս:

«Պէտք է Հըզպալլայի անօրինական ֆինանսաւորում ստանալու օգնող ոեւէ անձի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու հաստատումը սպասէք», ըսաւ ան:

«Կ՛ուզենք Լիբանանի ղեկավարութեան հետ տնտեսական նոր հայեցակարգ մը ունենալ եւ միասնաբար աշխատիլ նոր եւ բարգաւաճ Լիբանանի մը կառուցման համար, սակայն չենք կրնար ատիկա ընել, եթէ պետութիւնն ու զինեալ ուժերը զէնքին մենաշնորհը չունին եւ իրենք զիրենք չեն պաշտպաներ», յայտնեց Օրթէյկըս:

Ամերիկացի պատուիրակը նաեւ յայտնեց. «Ամէն քայլի մէջ Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Քաթարի հետ սերտօրէն պիտի աշխատինք` վստահ ըլլալու, որ ճիշդ արդիւնքին պիտի հասնինք, եւ այդ պետութիւններն ու Միացեալ Նահանգները Լիբանանին շատ յստակ յայտնած էին, թէ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ուղին յստակ է, անիկա կուսակցութեան ապազինումն է, ոչ միայն Լիթանի գետէն հարաւ, այլեւ ամբողջ երկրի տարածքին»:

«Կը փորձեմ իրերայաջորդ կերպով, առնուազն ամէն 6 կամ 8 շաբաթ անգամ մը Լիբանան գալ, եւ կը փափաքիմ մօտ օրէն Լիբանան այցելել, եւ կը կարծեմ, որ ամբողջ աշխարհը կ՛ուզէ ամրան Պէյրութի մէջ ըլլալ», նշեց ան:

«Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհը շատ ճկուն էր, եւ անոր յանձնեցինք ցանկը այն բաներուն, որոնք կ՛ուզենք, որ ընէ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, եւ մենք չենք ուզեր միայն զանոնք պաշտպանել, այլ կ՛ուզենք, որ անոնք մաս կազմեն կառավարութեան: Կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, որ ան կարող է Սուրիոյ իշխելու այնպիսի ձեւով մը, որ ի շահ բոլոր մարդոց ու փոքրամասնութիւններուն է», նշեց Օրթէյկըս:

Օրթէյկըս «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ի հետ ալ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է Հըզպալլան զինաթափէ, եւ ատոր իրագործման համար մեր ճնշումները պիտի շարունակուին»:

«Ուաշինկթըն պիտի զօրակցի կուսակցութիւնը զինաթափելու Լիբանանի ջանքերուն», աւելցուց ան` շեշտելով. «Ժամանակն է, որ Լիբանանը կայունութեան եւ բարգաւաճման փուլ ուղղուի»:

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները մեր ռազմավարական գործընկերութեան խորքին մէջ են, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այդ երկիր այցելութիւնը հոյակապ է», ըսաւ ան:

«Թրամփ կ՛ուզէ, որ իրանցի ժողովուրդը յառաջընթաց արձանագրէ», նշեց Օրթէյկըս

Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակին տեղակալը նաեւ յայտնեց. «Թրամփ կ՛ուզէ, որ խաղաղութեան նախագահ ըլլայ, եւ Իրանին պիտի չարտօնէ հիւլէական զէնք ունենալ»:

Օրթէյկըս նաեւ ըսաւ. «Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ ընտրեց «յանդուգն ղեկավար» մը ըլլալ` իր երկիրը պատերազմէն խաղաղութիւն անցընելու համար»:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Ամերիկացիները Հարաւային Լիբանանի Մէջ Զինադադարին Առաջին Առնչակիցիներն Են, Եթէ Իրապէս Զայն Կ՛ուզեն»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքը Ներկայացնող Պատուիրակութեան Հետ

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.