Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարաւային Լիբանանի մէջ շարունակուող մագլցումն ու Սուրիոյ մէջ աննախադէպ զարգացումները իրարու առնչեց եզրակացնելով, թէ այդ բոլորը «Իսրայէլի հետ հաշտութեան» ծիրին մէջ է:
Պըրրի «Ասաս»-ին յայտնեց, որ հաստատօրէն նոր Սուրիան Իսրայէլի հետ հաշտութեան ուղիի վրայ է, թէեւ այդ ճամբուն վրայ շատ չէ յառաջացած:
«Սուրիան Արբահամեան համաձայնութիւններու եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղիով կ՛ընթանայ», ըսաւ ան` մեկնաբանելով Ռիատի մէջ սէուտական-ամերիկեան վեհաժողովը եւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի այդ ժողովին միանալով` «հաստատման յուշատախտակ» ստանալուն:
Պատասխանելով հարաւային Լիբանանի վրայ գրեթէ ամէնօրեայ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու կարելիութիւններուն եւ այդ յարձակումներուն հաւանական տարողութեան մասին հարցումի մը` Պըրրի յայտնեց. «Իսրայէլի մասին մի՛ հարցնէք: Ամերիկացիներուն մասին հարցուցէ՛ք: Անոնք են, եւ ոչ թէ Իսրայէլը, որոնց հետ զինադադարի համաձայնութիւնը ստորագրեցինք, եւ կը սպասուի, որ անոր գործադրութիւնը պարտադրեն Իսրայէլին: Ամերիկացիները զինադադարին առաջին առնչակիցներն են, եթէ իրապէս զայն կ՛ուզեն»: