Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Զոքաք Պլաթի մէջ Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւն կատարելու նախօրեակին «Վանայ Ձայն»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին գնահատեց այն քաղաքացիները, որոնք պատասխանատուութեամբ կատարեցին իրենց պարտականութիւնը: Անդրադառնալով Պէյրութի կարեւորութեան` ան դիտել տուաւ, որ անիկա համախոհութեան, բոլորին մասնակցութեան քաղաքն է, բոլոր լիբանանցիներուն մայրաքաղաքն է, ո՛ւր ալ բնակին անոնք, ուստի պէտք է բոլոր լիբանանցիները զգան, որ Պէյրութը իրենցն է:

«Դաշնակցութեան մէջ, ընտրութենէն կարճ ժամանակ ետք նախաձեռնեցինք ստեղծման համախոհական ցանկի մը, ուր առաւելագոյն չափով ներկայացուած ըլլան մայրաքաղաքին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական ուժերը, որոնք զօրակցին այնպիսի ցանկի մը, որ ապահովէ մայրաքաղաքի բաժնեկցութիւնը բոլոր համայնքներուն եւ քաղաքական կողմերու միջեւ: Աշխատանք տարինք ունենալու ցանկ մը, որ աշխատանք տանի Պէյրութի զարգացման, բարգաւաճման եւ բոլոր լիբանանցիներու կարիքներուն Պէյրութի մէջ բաւարարման: Չմոռնանք, որ նոյնիսկ եթէ մարդիկ Պէյրութի մէջ չեն բնակիր, սակայն անոնք ամէնօրեայ գործեր ունին մայրաքաղաքին մէջ: Հետեւաբար մենք այս մայրաքաղաքը պէտք է պահենք մէկ, ամբողջական, բոլորին համար, բոլորին կողմէ բաժնեկցելով, եւ ունենանք արժանաւոր քաղաքապետական խորհուրդ մը, որուն մէջ մենք ունինք երեք հայ թեկնածուներ, անկախ թաղապետներէն, որոնք տարբեր տարբեր շրջաններու մէջ են», ըսաւ Բագրատունի: Ան յոյս յայտնեց, որ Պէյրութի քաղաքացիներուն գիտակցութիւնը շատ աւելի գերակշիռ կը դառնայ, քան համայնքային ու յարանուանական պատկանելիութիւնը:

Անդրադառնալով  լիբանանեան լրատուամիջոցներուն կողմէ Դաշնակցութեան ընտրական մեքենայի տիրական ներկայութեան եւ անոր տրուած բնութագրումին` զայն նկարագրելով իբրեւ «մեղուի փեթակ», Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ բոլորին ծանօթ է Դաշնակցութեան ընտրական մեքենան, որ միշտ ալ այդպէս եղած է, որովհետեւ մեր այդ մեքենային ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կամաւոր բանակ է, նաեւ մեր քուէարկողները կը հաւատան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, կը հաւատան հայկական կուսակցութիւններու որոշումներուն: Ան նշեց, որ չէ պատահած, որ մեր ժողովուրդի ընտրազանգուածը դաւաճանած է մեզի, երբեմն կը պատահի, որ այլընտրանքներ ունենան, սակայն կարեւոր է, որ իբրեւ համայնք մեր ներկայութիւնը արժեւորենք:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ Դաշնակցութեան ընտրական մեքենան միշտ ալ իր վրայ հրաւիրած է ուշադրութիւնը, գնահատուած է միշտ, որովհետեւ անոր մէջ ներգրաւուածներն ու գետնի վրայ գործողները նուիրեալ տղաք ու աղջիկներ են, նուիրեալ քաղաքացիներ են, որոնք ոչ միայն կը հաւատան Դաշնակցութեան եւ հայ կուսակցութիւններու ընտրանքին, այլ նաեւ կը հաւատան, որ այս երկիրը` Լիբանանը, իր Պէյրութ մայրաքաղաքով, արժէք է ոչ միայն զուտ լիբանանեան իմաստով, այլեւ համահայկական մակարդակով:

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Մարոքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

Յաջորդը

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ  Մարոքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Մարոքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?