«Թրամփի Շրջան Այցելութիւնը Շատ Կարեւոր Է, Եւ Անկասկած Լիբանանի Թղթածրարը Բանակցութեան Սեղանին Է» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը
Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի շրջան այցելութիւնը շատ կարեւոր է, եւ անկասկած Կազայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ թղթածրարները բանակցութիւններու սեղանին վրայ եղող թղթածրարներ են»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին: «Ոմանք այն կարծիքին էին, թէ Եգիպտոսն ու Յորդանանը պիտի փոխեն իրենց դիրքորոշումը եւ ընդունին Կազայի մէջ «Ռիվիերա»-ի ծրագիրը, սակայն անոնց դիրքորոշումը հաստատ է,...




















