Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուլոսի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ապտելաթի Լիբանանի Նկատմամբ Աջակցութիւնն Ու Անոր Գերիշխանութեան Ոտնահարման Մերժումը Հաստատեց

Մայիս 20, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի Միացեալ Նահանգներու նախագահի արաբական եւ միջինարեւելեան հարցերու աւագ խորհրդական, ափրիկեան հարցերու բարձրաստիճան խորհրդական Մասաատ Պուլոսը ընդունելով, պարծանք յայտնեց «Եգիպտոսը Միացեալ Նահանգներուն միացնող ռազմավարական գործընկերութեան նկատմամբ, որ աւելի քան չորս տասնամեակներու վրայ կ՛երկարի, եւ կ՛իրագործէ քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական տարբեր ոլորտներու մէջ հասարակաց շահերը»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամիմ Խալաֆ յայտնեց. «Երկու կողմերը շրջանային շարք մը հարցերու նկատմամբ տեսակէտներու փոխանակում կատարեցին: Արծարծուեցան ափրիկեան ցամաքամասին վրայ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրները, մասնաւորաբար Ափրիկեան եղջիւրի (Սոմալի, Ճիպութի, Եթովպիա եւ Էրիթրիա), Սուտանի, Լիպիոյ եւ Ժողովրդավարական Քոնկոյի արեւելքի մէջ զարգացումները»:

Ապտելաթի ներկայացուց նշեալ երկիրներուն մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան աջակցելու, ազգային պետութեան հասկացողութիւնը ամրապնդելու եւ ափրիկեան ցամաքամասին վրայ բարգաւաճման աջակցելու Եգիպտոսի ջանքերը:

Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ Լիբանանին, անոր կառավարութեան ու պետական հաստատութիւններուն ամէն տեսակի աջակցութիւն տրամադրել` անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման համար:

Ապտելաթի նշեց, որ Եգիպտոս կը մերժէ Լիբանանի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան ոտնահարումը, եւ անհրաժեշտ կը նկատէ թշնամական արարքներու համաձայնութեան գործադրութիւնը, իսրայէլեան ուժերու հարաւային Լիբանանէն ամբողջական ու անմիջական հեռացումն ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի բոլորին կողմէ առանց ընտրողականութեան գործադրութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, ան շեշտեց, որ Եգիպտոս նախանձախնդիր է աջակցելու սուրիացի եղբայրական ժողովուրդին, Սուրիոյ հողային գերիշխանութեան, ամբողջականութեան ու անվտանգութեան, եւ Սուրիան շրջանին մէջ կայունութեան աղբիւր պէտք է ըլլայ:

«Անհրաժեշտ է ձեռնարկել քաղաքական միաւորող հոլովոյթի մը, որ կը ներառէ սուրիական բոլոր բաղադրիչ մասերը` շրջանցելու համար այս զգայուն փուլը», շեշտեց Ապտելաթի:

 

 

Նախորդը

Ֆայեատ. «Կարգաւորման Որեւէ Հաւանական Երթ Անարժէք Է, Եթէ Նախքան Այդ Իսրայէլեան Հեռացումը Չկայանայ»

Յաջորդը

Սիսիի Հետ Միացեալ Մամլոյ Ասուլիսի Ընթացքին. Աուն. «Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղենք Իսրայէլին Ստիպելու, Որ Զինադադարի Համաձայնութիւնը Գործադրէ, Լիբանանեան Հողերէն Հեռանայ, Եւ Գերիները Ազատ Արձակէ»

RelatedPosts

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը  Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 3, 2025
Սալամ Արձագանգեց Պարրաքի «Զարմանալի»  Յայտարարութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Հանրապետութեան Նախագահի Եւ Վարչապետի Յարաբերութիւնները Դատապարտուած Են Համախոհութեան, Եւ Ռաուշէի Ժայռի Խնդիրը Չվերջացաւ»

Հոկտեմբեր 3, 2025
«Լիբանանի Հարցերը Ներքին  Երկխօսութեամբ Կը Լուծուին»  Կ՛ըսէ Լարիժանի
Լիբանանեան

Լարիժանի. «Հըզպալլան Ներկայիս Որեւէ Շարժում Չի Կատարեր, Եւ Եթէ Շարժի, Գետնի Վրայ Հաւասարակշռութիւնը Շրջելու Կարողութիւնն Ունի»

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?