Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Համալսարաններու լիբանանեան միութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Զիատ Աատէի, որ նախարարին ներկայացուց միութեան ձեռնարկներու տարեկան ծրագիրը եւ առաջարկեց նախարարութեան հետ գործակցիլ երիտասարդական եւ մարմնակրթական ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ:
Պայրագտարեան հետաքրքրուեցաւ համալսարաններուն ու նախարարութեան հետ միութեան համակարգումի եւ աշխատանքի մեքանիզմով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ համալսարանական երիտասարդութեան ծառայութեան մէջ ճշդուած նպատակի իրագործման համար այդ հաղորդակցութիւնը կեանքի կոչելու եւ զարգացնելու կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ, նախարարը այսօր հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը` յայտարարելու համար «Մարզական աւանի վերակենդանացում»-ը: