Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում ունեցաւ Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի հետ:
Երեսփոխանը հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Այս վայրին մէջ մեր հանդիպումը միշտ բոլորին բարիքին համար է, որովհետեւ այս այցելութիւնը անցողակի չէ, այլ միշտ ալ արտայայտելու այն, ինչ որ այսօր բոլորին մտքէն կ՛անցնի, որովհետեւ Տար Ֆաթուան պատմութեան ընթացքին, մասնաւորաբար մեր անցած դժուար պայմաններուն մէջ միասնական դիրքորոշման եւ այս հայրենիքի պահպանման միասնական դիրքորոշման վայր եղած է»:
«Տրիանի հետ քննարկեցինք ազգային բոլոր խնդիրները, եւ այն, ինչ որ ներկայ դժուար փուլին Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու լոյսին տակ կը հետաքրքրէ լիբանանցիները: Միշտ ալ ձգտումը դէպի ներքին դիրքորոշման միասնականութիւնն է` պաշտպանելու համար Լիբանանը եւ դիմակայելու համար այն վտանգները, որոնք այսօր եւ բոլոր փուլերուն անոր կը սպասեն», ըսաւ Հաշեմ:
«Լիբանանի փրկութիւնը, պահպանումն ու ամրութիւնը լիբանանցիներուն եւ ներքին դիրքորոշման միասնականութեան մէջ է, եւ միշտ կ՛որոնուի այն, ինչ որ լիբանանցիները կը միացնէ, Լիբանանի փրկութեան համար եւ ի շահ բոլորին», շեշտեց երեսփոխանը: