Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն:
Նախագահն ու դեսպանը անդրադարձան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութեան ու վերջին զարգացումներուն, որոնց շարքին Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաքի այցելութեան եւ լիբանանցի պաշտօնատարներուն հետ անոր ունեցած բանակցութիւններուն:
Նախագահը նաեւ ընդունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի Միջին Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժանմունքի վարչութեան տնօրէն, նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրը:
Նախագահ Աուն իր հիւրին հետ քննարկեց ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տնտեսական կացութիւններն ու վերջին զարգացումները: