Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժեմիլ Սէյիտ. «Լիբանանեան Բանտերուն Մէջ Սուրիացի Պատանդներ Չկան, Այլ Բանտարկեալներ, Եւ Պէյրութին Լրատուամիջոցներու Ճամբով Սպառնալը Ընդունելի Չէ»

July 14, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխան Ժեմիլ Սէյիտ շաբաթ օր յայտնեց. «Սուրիական աղբիւրներ երէկ Լիբանանին սպառնացին (ապա լրատուամիջոցներու ճամբով հերքեցին) վրէժխնդրական քայլերով, եթէ լիբանանեան բանտերուն մէջ բանտարկուած եւ կալանաւորուած սուրիացիներ ազատ չարձակէ»:

«Լիբանանի բանտերուն մէջ սուրիացի պատանդներ չկան, այլ բանտարկեալներ, որոնցմէ Սուրիան կրնայ ուզածը ստանձնել օրէնքներու հիմամբ եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի միջեւ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան ճամբով, եթէ ապագային գոյութիւն ունենայ եւ վաւերացուի»:

«Բանտարկեալներու փոխանակման այդպիսի համաձայնութիւն մը կնքելը կը բխի Լիբանանի եւ Սուրիոյ շահերէն, պայմանով որ զայն նախորդէ սուրիական շտապ եւ հրապարակային որոշում մը, որ Լիբանան գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն կոչ կ՛ուղղէ իրենց երկիր վերադառնալու եւ առանց խոչընդոտներու ընդունի տեղահանուածները, զորս Լիբանան Սուրիա կ՛արտաքսէ», ըսաւ երեսփոխանը:

«Անընդունելի է Լիբանանի հետ լրատուամիջոցներու ճամբով սպառնալիքով խօսիլ, այնքան ատեն որ Լիբանան դրական տրամադրուած է բոլոր նիւթերու քննարկման եւ այնքան ատեն որ երկու երկիրներու պաշտօնատարներուն միջեւ հաղորդակցութիւն կայ», յայտնեց Ժեմիլ Սէյիտ:

«Կը սխալի ան, որ կը կարծէ, թէ լիբանանեան ինքնութեան վրայ յարձակումի պարագային Լիբանան դիւրին պատառ մը պիտի ըլլայ, ինչ ալ ըլլան լիբանանցիներուն միջեւ տարակարծութիւնները, որովհետեւ անոնց մօտ գոյութիւն ունի միաձայնութիւն, թէ «Պիլատ Շամ»-էն անջատուած մաս մը չեն, այլ անկէ առաջ կային, եւ Լիբանանը կար եւ անկէ ետք ալ պիտի մնայ», աւելցուց ան:

«Բարի դրացնութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան հիմքն է, մարդիկ կրթելը եւ կարգ մը տաք գլուխները հանդարտեցնելը սխալ չէ», յայտնեց Սէյիտ:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Համաձայն Գտնուեցաւ Լիբանանեան Բանակին «Էյ-29 Սուփըր Թուքանօ» Օդանաւերու Աջակցութեան Սարքեր Ծախելու

Յաջորդը

«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ Համաձայնագիր Կնքելու» Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.