Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 14, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ յատուկ պատուիրակ Թամըս Պարրաք «Արապ Նիուզ»-ին. «Զինաթափման որեւէ գործողութիւն պէտք է լիբանանեան կառավարութեան ղեկավարութեամբ եւ ինքնին Հըզպալլայի ամբողջական համաձայնութեամբ ըլլայ, եւ ասիկա հոլովոյթ մըն է, որ նախարարաց խորհուրդին մէջ կը սկսի»:

. ԱԿԱՆԱՒՈՐ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Եւրոպական դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանցի պատասխանատուներու յայտնեցին, որ ամերիկեան վարչակազմը գոհ չէր ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամըս Պարրաքի խօսքէն եւ ամերիկեան դիրքորոշումը բացատրելու համար որդեգրած հանդարտաբարոյ մօտեցումէն»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի պատասխանը այն էր, թէ գնդակը լիբանանցիներուն դաշտն է, ուստի եթէ կ՛ուզեն պետութիւն կառուցել, պէտք է աւելի լուրջ քայլեր որդեգրել, որպէսզի իրենց տնտեսութեան վերականգնման եւ վերաշինութեան համար օժանդակութիւններ ստանան»:

. ԸՍՏ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթի տեղեկութիւններուն, ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամըս Պարրաքի ընկերակցող ամերիկեան պատուիրակութիւնը անցեալ երեքշաբթի օր այցելեց Պաապտայի պալատ եւ հանրապետութեան նախագահի աշխատանքային խումբին հետ հանդիպում ունենալով լիբանանեան պատասխանին առնչուած շարք մը հարցումներ հարցուց, ինչպէս նաեւ այլ ժողով մը գումարեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդական Ալի Համտանի հետ:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Աշխատանք կը տարուի կազմելու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարութեամբ քաղաքական-տեղեկատուական ճակատի մը` լայնածաւալ կերպով արծարծելու համար Հըզպալլայի զէնքի թղթածրարը եւ փորձելու ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի երրորդ այցելութենէն առաջ քաղաքական ու համայնքային պառակտում ստեղծել»:

. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն, «Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի շարք մը կալանաւորներու թղթածրարի լուծման հարցին շուրջ աշխուժ հաղորդակցութիւն գոյութիւն ունի», որուն նպատակը նաեւ աշխատանք տանիլն է «երկու երկիրներու արդարադատութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրելու արդարադատական համաձայնագիր մը, որ անոնցմէ ոմանց կ՛արտօնէ իրենց բանտարկութիւնը շարունակել Սուրիոյ մէջ, բացի անոնցմէ, որոնք ահաբեկչութեան եւ բռնաբարութեան ոճիրներով ամբաստանուած են»:

Արդարադատական աղբիւր մը «Ժատիտ»-ին յայտնած է. «Պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսա կը հետեւի սուրիացի կալանաւորուածներու թղթածրարին, որ իրաւական է, եւ կարելի չէ զայն քաղաքական գետնի վրայ արծարծել, եւ անոր արծարծման համար արդարադատական մեքանիզմի մը կարիքը կայ»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան «եռեակ»-ի վերականգնման եւ անոր` կառավարութեան քաղաքական որոշումի իւրացման ու ամերիկեան աշխատանքային փաստաթուղթի լիբանանեան պատասխանի բանաձեւման մէջ ինքնագլուխ գործելու ընդդիմանալը բացարձակապէս կուսակցութեան կառավարութենէն դուրս գալու պիտի չյանգեցնէ»:

. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Հըզպալլան կառչած կը մնայ ժամանակի ազդակին եւ զայն յատուկ ուշադրութեամբ եւ իմաստութեամբ կը ղեկավարէ առանց զգացականութեան կամ ցուցադրութեան, որպէսզի կլանէ ճնշումը եւ զէնքի հարցը կառավարէ ռազմավարական պաշտպանութեան մեքանիզմի եւ որեւէ ցուցմունքի մերժման ճամբով»:

 

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` Լեռնալիբանանի Ախոյեան

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Համաձայն Գտնուեցաւ Լիբանանեան Բանակին «Էյ-29 Սուփըր Թուքանօ» Օդանաւերու Աջակցութեան Սարքեր Ծախելու

RelatedPosts

Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
Պըրրի. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` Իրենց Ժամկէտին»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` Իրենց Ժամկէտին»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Մըթրի. «Լիբանանն Ու Սուրիան Յարաբերութիւններու Նոր Հիմեր Կը Կառուցեն»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանն Ու Սուրիան Յարաբերութիւններու Նոր Հիմեր Կը Կառուցեն»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?