Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 9 եւ 10 յուլիսին Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան եւ Եուրոփոլի հետ գումարած է
«Հըզպալլայի ահաբեկչական եւ ապօրինի գործունէութեան դէմ պայքարով զբաղող» իրաւապահներու համակարգումի խմբակի 14-րդ ժողովը, որուն մասնակցած են Միջին Արեւելքի, Հարաւային Ամերիկայի, Եւրոպայի, Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի տարբեր շրջաններէն շուրջ 30 կառավարութիւններէ իրաւապահ կողմեր, դատախազներ եւ ելեւմուտքի մասնագէտներ:
«Իրաւապահ մարմիններու համակարգման խմբակը գնահատում կատարեց անցեալ տարուան ընթացքին կազմակերպութեան ստացած ցաւալի հարուածներուն լոյսին տակ` ահաբեկչութեան եւ սպանութեան կազմակերպման Հըզպալլայի համաշխարհային կարողութիւններուն», նշեց նախարարութիւնը:
Ժողովին մասնակիցները եզրակացուցած են. «Հըզպալլան տակաւին վտանգաւոր կազմակերպութիւն մըն է, որ մտադիր է պահպանել արտասահմանի մէջ իր ներկայութիւնը, եւ կարողութիւն ունի աշխարհի տարածքին առանց նախազգուշացնելու թիրախներու հարուածներ հասցնելու»:
Իրաւապահներու համակարգման խմբակի անդամները, ըստ հաղորդագրութեան, քննարկած են «Հըզպալլայի վատթարացած ելեւմտական կացութիւնը»` համաձայնելով, որ «Հըզպալլան կրնայ ջանալ աւելցնել արեւմտեան կիսագունդին, Ափրիկէի եւ այլ շրջաններու մէջ նուիրատուութիւններ հաւաքելու եւ գնումներ կատարելու իր գործունէութիւնը»:
Ժողովին մասնակիցները լուսարձակի տակ առած են «կառավարութիւններու որդեգրած վերջին քայլերը` դիմակայելու համար Հըզպալլայի ելեւմտական մեքանիզմները եւ քրէական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ անոր միջազգային ահաբեկչութեան գործողութիւնները»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց. «Այս ժողովին մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութենէն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային կեդրոնէն պաշտօնատարներ»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս «Էմ.Թի.Վի.»-ին յայտնեց. «Մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած: Հըզպալլան ահաբեկչական որակուած կազմակերպութիւն է, եւ մենք անոր քաղաքական ու զինուորական թեւերուն միջեւ տարբերութիւն չենք դներ»:
«Չենք ուզեր տեսնել, որ Հըզպալլան կամ Լիբանանի մէջ այլ ահաբեկչական խմբաւորում մը կը վերականգնէ բռնարարքներ գործելու կամ Լիբանանի կամ Իսրայէլի անվտանգութեան սպառնալու իր կարողութիւնը», նշեց Պրուս: