Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 12, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նաուաֆ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու դեսպանները: Հանդիպումի ընթացքին վարչապետը շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը յաւելեալ մէկ տարիով երկարաձգելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան ամրապնդման եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան մէջ անոր առանցքային դերակատարութիւնը:

. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ընդունեց Արաբական եւ միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին անոր նախագահ Մոհամետ Սաքըրը, նախկին նախագահ Ամին Ժեմայելը, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան եւ փոխվարչապետ Թարեք Մըթրին:

Հանդիպումի ընթացքին հարցումի մը պատասխանելով նախագահ Աուն խաղաղութեան եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման տարբերութիւնը նշեց: «Խաղաղութիւնը պատերազմի բացակայութեան կացութիւնն է, եւ ներկայիս Լիբանանի մէջ մեզ հետաքրքրողը այս է, իսկ յարաբերութիւններու բնականոնացումը Լիբանանի ներկայ արտաքին քաղաքականութեան մէջ բացառուած է»:

Ան գնահատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` կայունութեան հաստատման, պետութեան վերաշինութեան յաջողութեան եւ զէնքի մենաշնորհի սկզբունքի գործադրման նպաստող դերակատարութիւնը:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի մէջ Նամիրիէ եւ Շարքիէ գիւղերուն միջեւ ճամբուն վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Արձանագրուեցաւ զոհ մը:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ հրետանին ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի Խիամ գիւղի մերձակայքը:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սալամի միջեւ հանդիպումին քննարկուեցան տարբեր թղթածրարներ, ներառեալ քաղաքական զարգացումները եւ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ այսօրուան նիստին կառավարութեան սեղանին վրայ դրուած թղթածրարները, որոնց կարեւորագոյնը ելեւմտական եւ արդարադատական ոլորտներու նշանակումներն են»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի այցելութեան ընթացքին տիրած դրական մթնոլորտը պայմանաւորուած էր անոր ժամանումէն առաջ մտավախութիւններու հետեւանքով ծայրայեղ զգուշաւորութեան մթնոլորտով` կապուած Լիբանանը սպառնալիքներուն դիմաց առանձին ձգելու մասին խօսակցութեան: Միեւնոյն ժամանակ անիկա դուռը բացաւ շարք մը կարելիութիւններու դիմաց»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Բարեկարգումներու երթը տակաւին խանգարուած է, ինչ որ Ուաշինկթընը կը մղէ մտածելու աստիճանական մագլցողական քայլերու մասին, որոնք կը ներառեն ականաւոր անձնաւորութիւններու դէմ պատժամիջոցներ, Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի օժանդակութիւններու սառեցում եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու դերի վերագնահատում»:

. ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթը կը գրէ. «Լիբանան այսօր պատմական վտանգաւոր շրջադարձէ մը կ՛անցնի, մինչ անոր վրայ միջազգային եւ արաբական, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ ճնշումները կը բարձրանան»:

«Լիբանան «վերջին կանչի» առջեւ կանգնած է. կա՛մ միջազգային եւ արաբական ընտանիքի պահանջներուն ընդառաջել, կա՛մ ալ մեկուսացում ու քայքայում դիմագրաւել», կը նշէ սէուտական օրաթերթը:

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց երեքշաբթի, 15 յուլիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին եւ կէսօրէ ետք լիագումար նիստի` կառավարութեան հետ անոր ընդհանուր քաղաքականութեան շուրջ քննարկում կատարելու համար:

. ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը Լիբանանէն խնդրած է երկարաձգել պաղեստինեան զէնքը հաւաքելու ժամկէտները: Կազմակերպութիւնը անակնկալի եկած է, որ Ֆաթհ շարժումի շրջանակը տակաւին պատրաստ չէ ընդունելու պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի խոստացածը, եւ կարիքը ունի Ֆաթհ շարժումին մէջ դիրքորոշումը միաւորելու, որովհետեւ անոր լիբանանեան մասնաճիւղին մէջ ղեկավար դէմքերը շատ են, եւ այդտեղ կը բացակայի Ապպասի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի առջեւ խոստացածի գործադրումը ստանձնելու կարող հեղինակութիւն մը:

. ՊԵՔԱՅԻ հողագործներու համախմբումի նախագահ Իպրահիմ Թարշիշի «Տիար» օրաթերթին յայտնած է, թէ կանաչեղէնի եւ պտուղներու գիները նկատառելի աճ կ՛արձանագրեն, հակառակ այն իրողութեան, որ իր արտադրութեան ծախսը չի փակեր, եւ պատճառը շարք մը ազդակներ են, որոնց շարքին են կլիման ու ջուրի պակասը, ինչպէս նաեւ տնտեսական, ապահովական ու քաղաքական ազդակներ, որոնց գլխաւորներն են հողագործական արտադրութիւններու դիմաց արաբական շուկաներու փակումը:

«Հարցը այսքանով չ՛աւարտիր, որովհետեւ գիները 15 յուլիսէն սկսեալ հետզհետէ աւելի պիտի բարձրանան», նշած է Թարշիշի:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 6000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.569.000 լ.ո.-ի եւ 1.609.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 3000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.577.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 966.000 լ.ո.:

 

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնն Ու Եուրոփոլը Կը Նշեն. «Հըզպալլան Տակաւին Վտանգաւոր Կազմակերպութիւն Մըն Է, Որ Մտադիր Է Արտասահմանի Մէջ Իր Ներկայութիւնը Պահպանել»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?