Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարրաքի Յայտարարութեան Լիբանանեան Արձագանգներ

July 14, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան քաղաքական շրջանակներ արձագանգեցին ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամըս Պարրաքի էմիրաթական «Տը Նեշընըլ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին կատարած յայտարարութիւններուն, թէ Լիբանան շրջանային ուժերուն ձեռքը իյնալու վտանգ կը դիմագրաւէ, եւ եթէ քայլերու չդիմէ, վերստին «Պիլատ Շամի»-ն մաս պիտի դառնայ:

. ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց. «Լիբանանը Լիբանան Է, ճիշդ է, որ գոյութենական  վտանգի կ՛ենթարկուի, սակայն երբեք «Պիլատ Շամ»-ի կամ որեւէ այլ պետութեան մաս կամ կցորդ պիտի չդառնայ ինչպէս ոմանք կը սպառնան, եւ պատմութիւնը ասոր վկան է»:

Ապու Զէյտ յիշեցուց, թէ նախկին նախագահ Միշել Աուն օր մը ըսաւ. «Լիբանան կլլուելու համար շատ մեծ է, եւ մասնատուելու համար` շատ փոքր»:

. ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հակիրճ ակնարկով նշեց. «Լիբանան գոյութիւն ունենալէ պիտի չդադրի»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սիմոն Ապի Ռամիա յայտարարեց. «Շրջանառութեան մէջ դրուած խօսքը անհամ կատակ մըն է, դժոխային նպատակ մը կամ չարամիտ սպառնալիք մը. Լիբանանի անմահ հողը երբեք չէ եղած եւ երբեք ո՛չ «Պիլատ Շամ»-ի, ո՛չ ալ այլ երկրի մը մէկ մասը պիտի ըլլայ»:

«Լիբանան մէկ ու միասնական է իր հողով ու ժողովուրդով, իր ամբողջ հողերուն վրայ գերիշխան է, եւ անկախ ամբողջ արտասահմանէն», ընդգծեց երեսփոխանը` աւելցնելով. «Այս է մեր խոստումը, մեր ճակատագիրը եւ մեր որոշումը»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Սուրիոյ եւ Լիբանանի հարցերով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի յայտարարութիւնը իշխանութեան եւ լիբանանեան կառավարութեան ուշադրութեան յանձնուած է»` աւելցնելով. «Յստակ եւ ակներեւ է, թէ ամբողջ միջազգային քաղաքականութիւնը արաբական գրեթէ միաձայնութեամբ շրջանը կ՛ենթարկէ վերադասաւորման` զայն անոր կարգ մը երկիրներուն մէջ տիրած զարտուղի կացութենէն դուրս բերելով բնականի հասցնելու համար, սկսելով Իրանէն եւ կանգ չառնելով Թուրքիոյ մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեամբ»:

«Կարեւոր, զգայուն եւ շատ ճակատագրական օրեր կ՛ապրինք, եւ Լիբանանը իշխանութեան եւ լիբանանեան կառավարութեան կողմէ իրողական պետութեան կարգավիճակի փոխադրելու որեւէ թերացում կրնայ մեզ տասնեակ տարիներով ետ, թերեւս ալ աւելի վտանգաւոր ու վատ կացութեան տանիլ», ըսաւ Ժահժահ:

«Լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ որոշեն եւ անհրաժեշտ քայլերը որդեգրեն Լիբանանը դարձնելու իրողական պետութիւն մը, որ միակ երաշխաւորն է լիբանանեան բոլոր խմբաւորումներուն համար, այլապէս Լիբանան պիտի շարունակէ մնալ բեմ եւ անգամ մը եւս սանձարձակութեան պիտի ենթարկուի», յայտնեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը:

. ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի եւ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի մեկնաբանելով ամերիկացի պատուիրակին յայտարարութիւնը յայտնեց. «Ամերիկեան վարչակազմը մեզի անակնկալի չի մատներ, եւ երբեք պէտք չէ անակնկալի գանք անոր պաշտօնատարներու եւ Լիբանանի պատուիրակներու կամ իր չար մատներն ու ծրագիրները հասած աշխարհի որեւէ տեղի պատուիրակներու յայտարարութիւններէն»:

Մուսաուի ըսաւ, որ Պարրաքի ակնարկը, թէ Լիբանան կրնայ վերադառնալ այսպէս կոչուած «պատմական Պիլատ Շամի»-ին, «վտանգաւոր մտադրութիւններէ կը բխի եւ յստակ կերպով կը բացայայտէ ընդհանրապէս շրջանին եւ մասնաւորաբար Լիբանանի նկատմամբ գծուած ամերիկեան-սիոնական ծրագիրի պատկերը: Սակայն այն, ինչ որ պատուիրակէն կը վրիպի, կամ թերեւս տեղեակ չէ, Լիբանանի իրականութիւնն է. ան երկիր մըն է, որ սպառնալիքի դիմաց չ՛ընկրկիր, իր գերիշխանութիւնը չի սակարկեր, այլ դիմադրութեան, արժանապատուութեան եւ դիմացկունութեան երկիր է», աւելցնելով. «Լիբանան երբեք ամերիկեան ցուցմունքներուն ենթակայ, իսրայէլեան սպառնալիքներուն դիմաց ընկրկող կամ որեւէ օտար պետութեան ենթակայ կամ անոր կցորդ պիտի չըլլայ»:

Երեսփոխանը պահանջեց, որ լիբանանեան պետութիւնը իր քաղաքական ու դիւանագիտական մակարդակներով անմիջապէս իր մօտ կանչէ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եւ «թշնամական անկիրթ այդ յայտարարութիւններուն պաշտօնական մերժում փոխանցէ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է յստակ կերպով յայտարարէ, թէ ամերիկեան վարչակազմը պէտք է յարգէ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը եւ չմիջամտէ անոր ներքին հարցերուն»:

Նախորդը

«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ Համաձայնագիր Կնքելու» Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը

Յաջորդը

Պարրաք. «Լիբանան Շրջանային Ուժերու Ձեռքը Իյնալու Վտանգը Կը Դիմագրաւէ, Պէտք Է Զէնքի Հարցը Լուծէ, Այլապէս Գոյութենական Վտանգ Կը Դիմագրաւէ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.