ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Մարտահրաւէրներու եւ հրատապ վտանգներու լոյսին տակ, ընթացքի մէջ է ելքի որոնումը: Կը նախատեսուի, որ հաղորդակցութիւններուն կողքին հանրապետութեան նախագահը կեցուածք մը յայտարարէ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդը պահանջուած բարեկարգումները որդեգրէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախագահական պալատը այն մտավախութիւնը ունի, որ կառավարութիւնը ներսէն պայթեցուի, սակայն աւելի մեծ մտավախութիւնը նախարարաց խորհուրդի նիստի առանց արդիւնքի աւարտիլն է, որովհետեւ այդ ատեն կառավարութեան աշխատանքը կը խանգարուի, եւ աւելի կարեւորը, այդ իրողութիւնը պիտի զայրացնէ Ուաշինկթընն ու միջազգային ընտանիքը»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթը կը գրէ. «Եւրոպական դիւանագիտական տեղեկութիւններու համաձայն, Ֆրանսա փորձեց ամերիկացիներուն մօտ միջամտել հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին զէնքի խնդիրի լուծման պատշաճ ժամանակ տրամադրելու համար, սակայն ընդառաջում չգտաւ Ամերիկայի կողմէ, որ կը կարծէ, թէ Հըզպալլան ժամանակ վատնելու քաղաքականութիւն կը կիրարկէ»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի եւ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհանի միջեւ Պարրաքի Պէյրութ այցելութենէն ետք տեղի ունեցած խօսակցութեան ընթացքին Ուաշինկթընի եւ Ռիատի միջեւ լիբանանեան տագնապին նկատմամբ հասարակաց դիրքորոշման շուրջ յստակ համաձայնութիւն գոյացաւ»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Երեսփոխանական ընտրութիւնները առնչուած են պետութեան իր բոլոր հողերուն վրայ ամբողջական գերիշխանութեան, եւ անոնց կայացման հաստատումը սերտօրէն առնչուած է զէնքին ու զայն լիբանանեան պետական իշխանութիւններու մենաշնորհը դարձնելու թղթածրարին»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Դիմադրութիւնը բացարձակապէս յանձնառու է հանրապետութեան նախագահին հետ երկխօսութեան եւ որեւէ ձեւի ներքին տագնապի մէջ չներքաշուելուն»: