Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ զգուշացուց Հըզպալլայի զէնքի հարցի լուծման ձգձգումը շարունակելէ` նշելով, որ այդ զէնքը «Լիբանանի պաշտպանութեան համար անօգուտ է եւ անոր միայն վնաս ու քանդում կը պատճառէ»:
«Հաստատօրէն չեմ գիտեր, եթէ յառաջիկայ ամառը աւանդական իմաստով տաք պիտի ըլլայ, այսինքն` իսրայէլեան լայնածաւալ պատերազմ կամ զինուորական լայնածաւալ մագլցում տեղի պիտի ունենայ, սակայն եթէ այսպէս մնանք, հաստատօրէն վատ ամրան դիմաց պիտի գտնուինք», ըսաւ Ժահժահ:
Ան բուռն կերպով մերժեց այն գաղափարը, թէ Հըզպալլան առանց անոր հաւանութեան ապազինելու փորձը քաղաքացիական պատերազմի վտանգ պիտի ստեղծէ:
«Պահանջուածը այն է, որ նախարարաց խորհուրդը հիմա ժողով գումարէ եւ երկրին մէջ գտնուող զինուորական ու ապահովական զինեալ կազմակերպութիւնները մէկ, երկու կամ չորս ամսուան մէջ լուծարելու որոշում տայ, ինչպէս նաեւ բանակին պարտականութիւն տայ այդ որոշումը գործադրելու», յայտնեց լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը:
«Ֆրանսան խոստացաւ Լիբանանին օգնելու խորհրդաժողով կազմակերպել, սակայն տակաւին թուական չճշդեց ամերիկեան մերժումին պատճառով, ինչպէս նաեւ աշնան նախատեսուած խորհրդաժողովը կրնայ տեղ չունենալ, որովհետեւ միջազգային կողմերը սկսան մեզմէ, այս անյստակ ու վատառողջ կացութենէն, պետութեան ներկայութիւն-բացակայութիւն կացութենէն ձանձրանալ», ըսաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը:
«Պիտի շարունակենք մեր քաղաքական ճնշումները: Մէկ կողմէ վարչապետին եւ միւս կողմէ հանրապետութեան նախագահին հետ շարունակուող հաղորդակցութիւն կայ, եւ անոնց կ՛ըսենք` «երկար պիտի չսպասենք», յայտարարեց Ժահժահ:
«Լիբանանցի ժողովուրդն ու Լիբանանի սիւննիները իրենց բնոյթով չափաւորական են, եւ ատոր մեծագոյն փաստը այն է, որ անցեալին տեղի ունեցածին հետ ծայրայեղականութիւններ երեւան չեկան, եւ ապագային ալ երեւան պիտի չելլեն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ապահովական մարմինները կը հսկեն, կացութիւնը վերահսկողութեան տակ կը պահեն եւ որեւէ փորձ կը ճնշեն տեղի ունենալէն առաջ», ըսաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը: