Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 30, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՊԵՏԱԿԱՆ հեղինակութեան մը մօտիկ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Կարելի չէ անտեսել միջազգային դիրքորոշումներն ու ցուցանիշերը, որոնք կ՛ըսեն, թէ կարելի չէ Լիբանանին ու անոր պատասխանատուներուն երկար սպասել որոշումներ տալու կամ գործելու այդ պատասխանատուներուն ժամանակացոյցով»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին կը յայտնեն. «Հըզպալլայի զէնքի խնդիրին վերաբերեալ լուծումը տակաւին չէ կայացած եւ չնչին քայլ մը իսկ յառաջ չէ շարժած ամերիկեան փաստաթուղթի առաջին տարբերակի առաջարկումէն ի վեր»:

«Այս տագնապը տակաւին կը մնայ մէկ կողմէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին Հըզպալլան անմիջապէս զինաթափելու Ուաշինկթընի փափաքին եւ միւս կողմէ Հըզպալլայի զայն յանձնելը կտրուկ կերպով մերժելուն միջեւ», նշած են աղբիւրները:

. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարար Խալետ Պըն Սալմանի հովանաւորութեամբ եւ արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Եազիտ Պըն Ֆարհանի օգնականութեամբ, Ռիատի մէջ գումարուած է Լիբանան-Սուրիա ապահովական ժողով մը, որուն մասնակցած են լիբանանեան հետախուզութեան տնօրէն Թոնի Ահուաժիի եւ անոր սուրիացի պաշտօնակից Հիւսէյն Սալամէի միջեւ:

Ըստ «Ժատիտ»-ի տեղեկութեան, Լիբանան-Սուրիա համակարգումը պիտի շարունակուի սէուտական հովանաւորութեամբ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ Ծոցի շրջանը Լիբանանի յաւելեալ քաոսի մատնուիլը կանխարգիլելով հետաքրքրուած է:

. ԵՐԷԿ ընթացք առաւ սուրիացի գաղթականներու Լիբանանէն իրենց երկիր վերադառնալու առաջին փուլը:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 3000 լ.ո. եւ յաջորդաբար հասան 1.456.000 լ.ո.-ի եւ 1.496.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 5000 լ.ո. եւ հասաւ 1.421.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 31.000 լ.ո. եւ հասաւ 1.073.000 լ.ո.-ի:

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Պուլկարիոյ դեսպան Իասեմ Թոմով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին յանձնեց Պուլկարիոյ վարչապետ Ռոմեն Ռատեւի կողմէ այս տարուան վերջին եռամսեակի ընթացքին Պուլկարիա այցելելու պաշտօնական հրաւէր մը:

. ԱՖՓ հաղորդեց, որ ֆրանսական արդարադատական իշխանութիւնը պաշտօնական հետաքննութեան ձեռնարկած է Իսրայէլի վարչապետի պաշտպան փաստաբան Օլիվիէ Պարտոյէն բողոք ստանալէ ետք, թէ Հըզպալլայի անդամներ քրէական անցեալ ունեցող Ռուտի Թերանովայի հետ պայմանաւորուած են զինք սպաննելու համար:

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հինգշաբթի, 31 օգոստոսին հրաւիրեց լիագումար նիստի` քննարկելու համար օրակարգի վրայ գտնուող օրինագիծերը:

 

 

Նախորդը

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Վեհափառ Հայրապետին Եւ Յունաստանի Կրթութեան, Կրօնական Հարցերու Ու Մարմնակրթութեան Նախարարին Միջեւ

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Արսլանի Ներկայութեամբ Ընդունեց Հանրապետութեան Միւֆթին

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.