Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ բանակի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Կը խոստանանք պաշտպանել կայունութիւնն ու քաղաքացիական խաղաղութիւնը, եւ մեր երկրի անվտանգութեան որեւէ սպառնալիք պիտի չարտօնենք»:
«Յուսալից եմ, թէ յառաջիկայ օրերը մեր սիրելի հայրենիքին կայունութիւն եւ բարգաւաճում պիտի բերեն», աւելցուց զօր. Հայքալ: