Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Լիուա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ քովս եկաւ ծանօթանալու Փարիզի մէջ հանդիպումիս մթնոլորտին: Մաքրոնի հետ հանդիպումիս արդիւնքի գնահատումը կատարուեցաւ, աչք նետեցինք յաջորդ փուլին եւ Լիբանանի նկատմամբ ֆրանսական աջակցութեան կարելիութիւններուն»:
Պատասխանելով Փարիզի հանդիպումին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումին եւ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի առաքելութեան վատ մթնոլորտին վերաբերեալ շրջանառուող լուրերուն մասին հարցումի մը` Սալամ ըսաւ. «Կը զարմանամ, ուրկէ՞ կը բերեն այդ մթնոլորտները, որովհետեւ Մաքրոնի հետ հանդիպումը դրական էր, Ֆրանսան Լիբանանին կ՛աջակցի, եւ ֆրանսական աջակցութեան ծաւալը կախեալ է այն զարգացումներէն, որոնք կրնան տեղի ունենալ: Սակայն միտքս հանգիստ է, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան վերանորոգումը տեղի պիտի ունենայ օգոստոսի վերջին»:
Անդրադառնալով յառաջիկայ փուլին մասին իր տեսակէտին` ան յայտնեց. «Ամէն բան կարելի է, եւ տակաւին ոչինչ վերջնական է»:
Խօսելով մամլոյ այն տեղեկութիւններուն մասին, թէ Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ գօտի մը կը պահանջեն, վարչապետ Սալամ նշեց. «Ես այդ մասին չլսեցի»: