Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 31, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՆԱՇՐԱ» կը հաղորդէ, որ կը նախատեսուի, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն այսօր բանակի տօնին առիթով արտասանէ խօսք մը` ներկայացնելով Լիբանանի անցած փուլերը եւ երդումի ճառին բովանդակութիւնը գործադրելու համար իր թափած ջանքը:

. ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻ աղբիւրները «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Պաապտայի պալատին, վարչապետարանին ու Այն Թինէի միջեւ աշխուժ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան համաձայնութիւն գոյացնելու համար բեմագրութեանը շուրջ երեքշաբթի օրուան նախարարաց խորհուրդի նիստին, որուն Պաապտայի պալատին կամ վարչապետարանին մէջ գումարելու որոշումը տակաւին չէ տրուած»:

. «ՀԱՏԱՍ». «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ Հըզպալլան կուսակցութեան զէնքի հարցը կառավարութեան յաջորդ նիստին քննարկելուն դէմ չեն, պայմանով որ Իսրայէլի պարտադրուի լիբանանեան հողերէն հեռանալ»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Կարգ մը անկողմնակալ լիբանանեան կողմերու կողմէ որոշ աշխատանք կայ` նախարարաց խորհուրդին մէջ զէնքի վերաբերեալ որդեգրելու որոշում մը, որ կ՛ըլլայ միջին լուծում մը եւ արտաքին գետնի վրայ ընդունելի կ՛ըլլայ ու ներքին մերժումի չ՛արժանանար»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Շրջանային ու միջազգային կողմեր այն կարծիքը ունին, թէ Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրումը լիբանանեան բեմի վրայ սանձարձակ տարածուած զէնքի բոլոր խնդիրներու լուծման հիմնական մուտքն է»:

. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «շուրջ տասը օրէն ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիի քուլիսներուն մէջ պիտի գումարուի ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերանորոգման ուղղուածութիւնը եւ ինչ գինով ու պայմաններով ըլլալը որոշող մայրաքաղաքներու ներկայացուցիչներուն միջեւ ժողով մը, որ «կարեւոր ու վճռորոշ» որակուեցաւ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են. «Գոյութիւն ունին պատգամներ, որոնք ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան չվերանորոգման մասին կը զգուշացնեն, եւ անոնք պատգամներ են, որոնք Իսրայէլի կողմէ կը հասնին դիւանագիտական խողովակներով կամ հարաւի մէջ կացութեան վերաբերեալ իսրայէլեան բանակին հետ համակարգում կատարելու համար գումարուող ժողովներուն մասնակիցներու կրկնուող խօսքերու ճամբով»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնած են, թէ յունուար 2026-էն սկսեալ Լիբանանի մէջ «գաղթական»-ի կարգավիճակով ոեւէ սուրիացի պիտի չմնայ:

 

Նախորդը

Պաքուի Բանտին Մէջ Պահուող Հայ Գերիներու Հարազատներուն Ըսուած Է, Թէ Կարմիր Խաչը Այլեւս Պիտի Չայցելէ Անոնց

Յաջորդը

Ժաշշի. «Դիմադրութիւնը Բռնի Ուժով Զինաթափելը Կարելի Չէ Իրագործել Կամ Նոյնիսկ Երազի Մէջ Տեսնել»

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?