Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնն ու խորհրդարանի օրակարգին վրայ ներառուած օրինագիծերը:
Նախագահն ու վարչապետը նաեւ քննարկեցին նախագահ Աունի երէկ ընթացք առած երկօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպումներուն ընթացքին արծարծելիք նիւթերը: