Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խուրի. «Զէնքը Պիտի Խլենք Չըսինք, Այլ Հանդարտութեամբ Կոչ Ուղղեցինք Զայն Պետութեան Յանձնելու»

August 1, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարար Ճօ Իսա Խուրի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարները զէնքի նիւթը արծարծեցին «սահմանադրական կառոյցներուն մէջ, որովհետեւ օրինականութիւնը միայն օրինականութիւնը կը պաշտպանէ, ուստի նիւթը միայն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութենէն չեկաւ, այլ կառավարութեան մէջ բազմաթիւ բաղադրիչ մասերու հետ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ, եւ բոլորն ալ համաձայն են զայն արծարծելու»:

«Զէնքը պիտի խլենք չըսինք, այլ հանդարտութեամբ կոչ ուղղեցինք` զայն պետութեան, այսինքն` բանակին յանձնելու, որովհետեւ մենք քաղաքականութեամբ կը զբաղինք, եւ Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրդը ժողով պիտի գումարէ եւ որոշէ: Մեր ուզածը միայն այս էր», շեշտեց նախարարը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կառավարութիւնը պիտի քայքայուի՞ եւ Հըզպալլայի նախարարները պիտի հեռանա՞ն, Խուրի ըսաւ. «Այդ հարցին չձգտեցանք, եւ մեր նպատակը խնդիր ստեղծելը չէ, այլ զէնքի յանձնումի հարցին մէջ յստակ էինք, ուստի բնական է, որ կուսակցութեան նախարարները այս ընտրանքը դրական պիտի չընկալեն, սակայն այս ընթացքով չենք կրնար շարունակել: Լիբանանին աջակցելու առնչութեամբ միջազգային եւ Ծոցի շրջանի վերապահութիւն կայ, ուստի ինչպէ՞ս պետութիւն կը կառուցենք: Մեկնելով ասկէ, կառավարութեան քայքայման նկատմամբ մտավախութիւն ունիմ, սակայն եթէ նիւթը չարծարծուի, եւ զայն սահմանադրական կառոյցներու մէջ չընդունին, թող անոնցմէ դուրս ըլլայ: Հանգուցեալ վարչապետ Օմար Քարամէի կառավարութեան մէջ, երբ միլիսներու զէնքերը յանձնուեցան, հարցը յստակ էր, ուստի ինչո՞ւ ատիկա չ՛ամբողջացուիր, եւ Հըզպալլան զէնքը չի յանձներ»:

Խուրի եզրափակեց հարց տալով. «Իրանեան բնո՞րդը կիրարկենք, այսինքն` պետութիւնը, բանակն ու օգնական միլիսները, այսինքն` Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը: Այս բնորդը Լիբանանի մէ՞ջ որդեգրենք: Կը յուսանք, որ Հըզպալլան սահմանադրական կառոյցի, այսինքն` նախարարաց խորհուրդին մէջ հանդարտութեամբ կ՛ընդառաջէ մեր պահանջին»:

 

 

Նախորդը

Զօր. Հայքալ. «Կը Խոստանանք Պաշտպանել Կայունութիւնն Ու Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը, Եւ Մեր Երկրի Անվտանգութեան Որեւէ Սպառնալիք Պիտի Չարտօնենք»

Յաջորդը

Պայրագտարեան Արտասահմանի Մէջ Ձեռքբերումներ Արձանագրած Մարզիկներ Պատուեց

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.