Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2015-ի Քաղաքական Նախատեսութիւններ

Յունուար 13, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսլամական Պետութիւն

011315daesh-1«Միտըլիսթ այ» կայքի 2015-ին Միջին Արեւելքի մէջ զարգացումներու վերաբերեալ քաղաքագէտներու նախատեսութիւններու մասին յօդուածի մը մէջ, ընկերաբանութեան իրաքցի դասախօս, Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի մասնագէտ Սամի Ռամատանի ՏԱՀԵՇ-ի (Իսլամական պետութիւն-ISIS) մասին անդրադառնալով` կը նախատեսէ, որ ահաբեկչական խմբաւորումը մեծ պարտութիւններ կրէ սուրիացիներու եւ իրաքցիներու դէմ կռիւին մէջ, սակայն Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը իբրեւ պատրուակ օգտագործել Իրաքի մէջ հաստատելու համար ռազմակայաններ, որոնց հաստատումը Իրաքի մէջ ամերիկացիք երկար ատենէ ի վեր փափաքած էին, սակայն իրաքեան ժողովրդային բուռն ընդդիմութիւնը արգելք հանդիսացած էր անոնց իրագործման:

Նոյն կայքին վրայ թրքական հարցերու մեկնաբան եւ վերլուծաբան Տէյվիտ Պարչըրտ խօսելով ՏԱՀԵՇ-Թուրքիա յարաբերութեանց մասին` կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ տարածքի հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ քիւրտերուն հետ կացութիւնը պիտի վատթարանայ, իսկ Թուրքիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի համակիրներուն թիւը կրնայ աճիլ, եւ անոնք կրնան շարք մը յարձակումներ գործել Թուրքիոյ մէջ:

«Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի միջազգային քաղաքական բաժնի խմբագիր Ռուլա Խալաֆի համաձայն, Միացեալ Նահանգներ եւ ՕԹԱՆ-ի իրենց դաշնակիցները 2015-ին Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ հետեւակ զինուորներով կռուելու մտադրութիւն պիտի չունենան, այլ պիտի բաւականանան օդային ռմբակոծումներով:

Սուրիա

011315assad-putinԸստ «Պի.Պի.Սի.»-ի միջազգային հարցերու գլխաւոր վերլուծաբան Լիզ Տուսեթի, Պաշշար Ասատի դաշնակիցներ Ռուսիա եւ Իրան պիտի փորձեն քաղաքական բանակցութիւններու ճամբով լուծել սուրիական տագնապը եւ պիտի շարունակեն զօրակցիլ ՄԱԿ-ի` Հալէպը պատերազմական «սառեցուած» տարածքի վերածելու ծրագրին: Արաբական ծոցի շարք մը երկիրներ եւ Թուրքիա պիտի շարունակեն օժանդակել սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու: Սուրիական բանակը պիտի շարունակէ տարբեր զինեալ խմբաւորումներու յարձակումները դիմակայելու իր ճիգերը` տարբեր ճակատներու վրայ:

Իրաքեան Քիւրտիստան

011315peshmerga«Միտըլիսթ այ» կայքի քրտական հարցերու քաղաքական մեկնաբան Հարվի Մորիս խօսելով քիւրտերուն մասին` կը յայտնէ, որ եթէ 2014-ը այն տարին էր, երբ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Քիւրտիստանի վրայ, ապա այս տարի անոնք, որոնք այդ պատմութեան աւարտը կ՛ուզեն տեսնել, յուսախաբ պիտի ըլլան: Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ քրտական անկախութեան, Քերքուքի կարգավիճակի շուրջ համաձայնութեան եւ Պաղտատի ու Էրպիլի միջեւ քարիւղի բաժանման շուրջ մնայուն համաձայնութեան կեդրոնական հարցերէն ոչ մէկը հաւանաբար լուծուի:

Բոլոր ճակատներու վրայ անել կացութիւնը պիտի ծնի Պաղտատի եւ անոր դաշնակիցներուն միջեւ ՏԱՀԵՇ-ը Մուսուլէն վտարելու ձախողութենէն: Քրտական ղեկավարութիւնը յայտնած է, որ պատրաստ է օժանդակելու Իրաքի ոչ քրտական տարածքներու ազատագրման, սակայն քիւրտերուն կողմէ լուրջ յանձնառութիւն մը անհաւանական է, բացի եթէ Էրպիլ իր ինքնավարութիւնը ամրապնդելու որոշ չափով երաշխաւորող երկարատեւ երաշխիքներ ստանայ:

Առանց ատոր` քիւրտերը պիտի չխանդավառուին ուրիշին կռիւին մէջ հետեւակ զինուորներ ըլլալու: ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ իրաքեան Քիւրտիստանի յաւելեալ հաւանական ռմբակոծումը պիտի ազդէ իրենց արաբ դրացիներուն նկատմամբ քիւրտերուն կեցուածքին: Յարձակումները պիտի վերականգնեն քրտական տարածքներու մէջ արաբ տեղահանուածներու ներկայութեան նկատմամբ անհանդուրժողականութեան, մանաւանդ որ 2014-ին արաբներու դէմ ցոյցերը իշխանութիւններուն կողմէ ճնշուեցան:

Իրաքեան Քիւրտիստանը տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու համար աւելի կարեւոր զինուորական ու քաղաքական զօրակայանի պիտի վերածուի: Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տակաւին կառավարելի վիճակի մէջ գտնուող վիհը առաւել եւս պիտի խորանայ ահաբեկչութեան եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրանի դէմ ամերիկեան ու իսրայէլեան ռազմական քայլերու եւ սպառնալիքներու նկատմամբ եգիպտական ժողովրդային ընդդիմութեան պատճառով:

Արցախ

011315border«Քաղաքական զարգացումներու հետազօտութեան կեդրոն»-ը իր կարգին հրապարակած է նոր տարուան շուրջ նախատեսութիւններ: Կեդրոնի տնօրէն Վահան Դիլանեան խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին` կը յայտնէ, որ 2014-ին զինադադարի դրութիւնը ցնցուեցաւ, իսկ նոր տարուան ընթացքին նոյնպիսի քննութիւններու պիտի ենթարկուի սթաթիւս քոն, որ պիտի մնայ խոցելի, որովհետեւ Ազրպէյճան պիտի շարունակէ շփման գիծին վրայ յարձակապաշտ քայլեր կատարել: 2015-ին Ազրպէյճան աւելի ռազմատենչ պիտի դառնայ, որովհետեւ ներքին քաղաքական ճնշումները եւ քաղաքացիական հասարակութեան դէմ ճնշումները այդ մէկը պիտի հրահրեն եւ Ազրպէյճանը հեռացնեն Արեւմուտքի մէջ քարիւղի սիրահար իր համակիրներէն: Քարիւղի պահեստներու անկումը, ՕԹԱՆ-ի Աֆղանիստանէն հեռացումը եւ մենատիրական իշխանութեան ամրապնդումը պատճառ պիտի դառնան, որ Ազրպէյճան աշխարհաքաղաքական գետնի վրայ նեղ կացութեան մատնուի:

Մինչ այդ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ժողովրդավարական հոլովոյթի ճամբով պիտի ամրապնդէ իր անկախութիւնը: 2015-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք յաւելեալ փաստ պիտի ըլլան, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ազատական ժողովրդավարական պետութիւն մըն է: Նշեալ հանրապետութեան ճանաչման հոլովոյթը յաւելեալ թափ պիտի ստանայ: Ուրուկուէյ կրնայ ԼՂՀ-ի անկախութիւնը ճանչնալ, սակայն հակամարտութեան լուծման հոլովոյթին մէջ որեւէ բեկում պիտի չարձանագրուի: Ազրպէյճան պիտի շարունակէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափին վնաս պատճառելու ջանքերը, իսկ հայկական կողմը յաւելեալ ջանք պիտի թափէ զայն պահպանելու համար:

Մինչ Ռուսիա կրնայ համամիտ ըլլալ հակամարտութեան սահմանափակ մագլցումին, Արեւմուտքը ջանք պիտի թափէ հակամարտութիւնը լուծելու, որովհետեւ բախումներու նոր հանգրուան մը անպայման պիտի խանգարեն դէպի Արեւմուտք ուժանիւթի մատակարարումները: Տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը վերասահմանելու նպատակով եւրո-անտլանտեան համայնքը իր դիւանագիտական ազդեցութիւնը պիտի օգտագործէ տարածաշրջանին մէջ ներքին քաղաքական զարգացումներուն աջակցելու համար: Մինչ այդ Ռուսիան պիտի շարունակէ յառաջ մղել եւրասիական համարկման ծրագիրները Եւրասիական միութեան, ՀԱՊԿ-ի եւ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան ճամբով:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Պաշտպանական Ու Անվտանգութեան Համակարգերի Կորուստները 2014-ին

Յաջորդը

Հալաճօղլու «Լուր Չունի» 1915-ի Փաստաթուղթերու Անհետացման Մասին

RelatedPosts

«Թուրքիան Հինգ-Վեց Ամիս Ետք  Պիտի Հեռանայ ՕԹԱՆ-էն»  Կ՛ըսէ «Հայրենիք» Կուսակցութեան  Փոխնախագահը
Միջազգային

«Թուրքիան Հինգ-Վեց Ամիս Ետք Պիտի Հեռանայ ՕԹԱՆ-էն» Կ՛ըսէ «Հայրենիք» Կուսակցութեան Փոխնախագահը

Յունուար 26, 2023
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ  Տիրող Կացութեան Նկատմամբ
Միջազգային

Մոսկուա Ուաշինկթընէն Եւ ՕԹԱՆ-էն Կը Պահանջէ Անդրկովկասի Մէջ Որեւէ Զինուորական Գործողութենէ Հրաժարիլ

Դեկտեմբեր 21, 2021
«Յունաստանի Եւ Ֆրանսայի Միջեւ Զինուորական  Համաձայնութիւնը ՕԹԱՆ-ի Մէջ  Վստահութիւնը Կ՛ականահարէ»  Կ՛ըսէ Աքար
Միջազգային

«Յունաստանի Եւ Ֆրանսայի Միջեւ Զինուորական Համաձայնութիւնը ՕԹԱՆ-ի Մէջ Վստահութիւնը Կ՛ականահարէ» Կ՛ըսէ Աքար

Հոկտեմբեր 25, 2021

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In