Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահը Այցելած Է Ֆրանսայի Դեսպանատուն
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան երէկ այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուն` իր ցաւակցութիւնը յայտնելու ֆրանսացի ժողովուրդին «Շարլի Էպտօ» պարբերաթերթի խմբագրատան մէջ իրականացուած ահաբեկչութեան առնչութեամբ: Ազգային ժողովի նախագահը դեսպանատան մէջ բացուած սգոյ մատեանին մէջ գրած է. «Հայ ժողովուրդին եւ անձամբ իմ անունովս խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեմ «Շարլի Էպտօ» պարբերաթերթի խմբագրատան մէջ իրականացուած սարսափելի ահաբեկչութեան պատճառով ինկած զոհերու...




















